Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Նիւզ.am» կայքէջ.- Հայաստանի մէջ որեւէ վիճակագրութիւն չկայ այն մասին թէ քանի՞ թիկնապահ կայ երկրի մէջ, ովքե՞ր կը շրջին թիկնազօրքով, եւլն.: Աւելի՛ն, Հայաստանի մէջ ով որքա՞ն թիկնապահ ուզէ կրնայ պահել, որեւէ սահմանափակում չկայ: Այս ամէնը թերեւս հետեւանք է այն բանի, որ Հայաստանի մէջ կը բացակայի,

այսպէս կոչուած «թիկնապահի դպրոց»ի մասին օրէնքը: Արդէն չորս տարիէ ի վեր Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը կը փորձէ «թիկնազօրային ծառայութեան մասին» օրէնքի նախագիծ մը քուէարկութեան ներկայացնել, սակայն կառավարութիւնը կը մերժէ զայն: Դաշնակցութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Հրայր Կարապետեան այս օրինագծի հեղինակներէն մէկն է եւ այժմ օրինագիծը ընդգրկուած է խորհրդարանի պաշպտանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի օրակարգի վրայ: Հ.Յ.Դ. խորհրդարանականները կը սիրեն յուսալ որ աշնանային նստաշրջանի մէջ կը քննարկուի  հարցը:
Հայաստանի մէջ «Յատուկ պետական պաշտպանութեան ենթակայ անձերու անվտանգութիւնը ապահովելու մասին օրէնք»ի համաձայն, պետական պահպանութեան շարքին կը դասուին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձեր, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ պետութեան եւ կառավարութեան ղեկավարներ: Պետական պահպանութիւն կը տրամադրուի նախագահին, Ազգային Ժողովի նախագահին, վարչապետին, եւլն., ըստ որում, պաշտօնաթող նախագահի մը կը տրամադրուի ցմահ պետական պահպանութիւն:
Թիկնապահներու ուսուցման տասնեակ կեդրոններ կան Հայաստանի մէջ եւ թիկնապահ դառնալու դասընթացքները կը տեւեն 6-10 ամիս: Ամսական դասընթացքի սակագինը կը սկսի 15-25 հազար դրամէն: Թիկնապահներու ուսուցման կեդրոն ընդունուելու համար անհրաժեշտ է քննութիւններ յանձնել, հարցազրոյցի մասնակցիլ, իսկ ուսումնառութեան ընթացքին կը սորվին հրաձգութիւն, օտար լեզուներ, հոգեբանութիւն, եւլն.:
Օրինակ՝ «Պահապան արծիւ» թիկնապահական ակադեմիան կը գործէ 1999-էն սկսեալ եւ հոն ընդունուելու համար քանի մը պարտադիր պահանջներ կը գործեն:
Ծխողներ, գինեմոլներ չեն ընդունուիր, կեդրոնի պատասխանատուները ջանք կը թափեն որ թիկնապահի թեկնածուներ չկռուին իրարու հետ, խաղատուներ չմտնեն, յարգեն մեծերը, սիրեն փոքրերը: Այդ ամէնը թիկնապահի պահանջն է, եթէ կÿուզէ արհեստավարժ թիկնապահ ըլլալ, իսկ եթէ չÿուզեր, կրնայ «հայկական թիկնապահ» ըլլալ: «Փանթէռա սիքիւրիթի» կեդրոնի անվտանգութեան ծառայութեան պետն ալ յայտնեց թէ իրենք թիկնապահներ կը տրամադրեն զանազան հաստատութիւններու, ունին մօտաւորապէս 40 թիկնապահներ: Այլ կեդրոնի մը «Մոխրագոյն ստուերներու մէջ» երկու տարուայ ընթացքին դիմում կատարած են բազմաթիւ անձեր, սակայն դասընթացքը յաջողութեամբ վերջացուցած են միայն 45ը: Ինչո՞ւ կեդրոնը կը կոչուի մոխրագոյն ստուեր: Այս հարցումին պատասխանելով կեդրոնի նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ որ թիկնապահը կեանքի ու մահուան մէջտեղն է, այսինքն սեւի ու ճերմակի արանքը, կերպով մը մոխրագոյն ստուեր, որովհետեւ ինք անտեսանելի է՝ իր պատուիրատուի շուքն է:
Թիկնապահի աշխատանքի վարձատրութիւնը կախեալ է քանի մը հանգամանքներէ: Նախ եւ առաջ թիկնապահի աշխատանքի ընթացքին վտանգի երեք աստիճան կայ: Ուսումնական կեդրոններէ մէկու տնօրէնի խօսքերով, արտասահմանի մէջ թիկնապահներ կը ստանան 15-25 հազար եւրօ, ընդ որում հոն թիկնապահներ կÿաշխատին առաւելագոյնը 10 ժամ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ մինչեւ 24 ժամ: Օրինակ, Մոսկուայի մէջ թիկնապահի մը մէկ ժամուայ աշխատանքը կը սկսի 50 տոլարէն, Պարսէլոնայի մէջ շաբաթական 1000-1200 տոլար: Հայաստանի մէջ թիկնապահներու աշխատավարձքը կախուած է անկէ թէ ան անհա՞տ մը կը պաշտպանէ թէ հաստատութիւն, հիմնարկ, կառոյց: Թիկնապահներու աշխատավարձքը կը սկսի 100 հազար դրամէն եւ կը շարունակուի մինչեւ «շէֆի առատաձեռնութիւն»ը: Ամէնէն բարձր աշխատավարձքը կը ստանան գործարարներու թիկնապահները, որովհետեւ հոն բացի հիմնական աշխատավարձքէն, կայ նաեւ «շէֆի առատաձեռնութիւն»ը, «քէֆը լաւ» ըլլալու օրը, աւելի բարձր դրամ տալու ազդակը: Կարգ մը գործարարներ իրենց թիկնապահներուն կը վճարեն մինչեւ հինգ հազար տոլար: Ընդ որում, թիկնազօրի պետը ամէնէն բարձր աշխատավարձքը կը ստանայ, քանի որ ան կը տիրապետէ կարեւոր տեղեկութիւններու: