Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Համազգայինի Թատերասրահէն ներս ներկայացուեցաւ Լիզպոնի հինգին նուիրուած փիէս մը, որուն սենարի հեղինակն ալ նոյն միութեան անդամ Թամար Գասպարեանն է:

Մէկ ամիս առաջ ընկերներով զրուցելու ժամանակ, անոնք որոշած են իրենց ներդրումը ունենալ այս օրերուն նշուող հայ հինգ նուիրեալ երիտասարդներու հերոսական գործունէութեան 30-ամեակը յիշատակելու գործին մէջ:

Թամար Գասպարեան ներկայացուցած էր հերոսներու հոգեվիճակը, անոնց մտորումները։ Քննարկելու ժամանակ որոշուած չէր, որ ինք պիտի գրէ սենարը, սակայն քննարկումէն տպաւորուած՝ եկած է տուն եւ վերցուցած թուղթն ու գրիչը,- «Նրանք կռուեցին եւ զոհւեցին յանուն Հայ Դատի: Ես ներկայացրել եմ, թէ ենթագիտակցօրէն ինչպէս են հրաժեշտ տալիս իրենց հարազատներին»,- ըսաւ Թամար Գասպարեան:

Երիտասարդներու հետ աշխատանքէն ոգեւորուած է նաեւ դերասանուհի Արեւիկ Սանթրոսեան, որ ներկայացման բեմադրիչն է: Ան նշեց, թէ սենարը գրուած էր սրտով, յուզիչ, տպաւորիչ երկխօսութիւններով: Որոշ փոփոխութիւններ եղած են, եւ իբրեւ արդիւնք՝ պատրաստուած է այնպիսի ներկայացում, որուն միջոցով հանդիսատեսը մտովի կրնայ տեղափոխուիլ 30 տարի ետ:

«Այս թեման հարազատ է այս երիտասարդներին, քանի որ իրենք էլ են Հայ Դատի շարունակողը»,- ըսաւ Արեւիկ Սանթրոսեան:

Պատանիները անկասկած իրենց անկեղծ ու պատասխանատու մօտեցումով Լիզպոնի հինգի ոգին փոխանցեցին հանդիսատեսին։

Հայրենասիրական մեծ ոգի ու եռանդ փոխանցեց նաեւ «Ակունք» խումբը՝ իր հայրենասիրական երգերու կատարումներով։

Գուսան Հայկազունը հնչեցուց նոր երգ՝ նուիրուած «Լիզպոնի 5-ին»։

ՀՅԴ Պատանեկան միութեան վարիչ մարմնի ատենապետ Սիմոն Գաֆալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք գնահատեցին պատանիներու տարած աշխատանքը՝ եւ կոչ ուղղեց, որ անոնք իրենց զաւակները վստահին ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, որ մեծ աշխատանք կը տանի լաւ սերունդ պատրաստելու համար։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց հիւրաբար Հայաստան գտնուող ՀՅԴ-ի գործիչ, սփիւռքեան շարք մը թերթերու նախկին խմբագիր Խաժակ Մկրտիչեանը, որ իր խօսքով փոխանցէ օրուան խորհուրդը։

«Մեր գաղաբարական շարժումը հիմնուած է «Յարատեւ կռիւ եւ յարատեւ պայքար» համոզումին վրայ։ Այդ հաւատքին եւ նշանաբանին ամենավառ ապացոյցն է Լիզպոնի նահատակութեան օրինակը, որ մեր խորին համոզմամբ՝ Սուլուխի կռիւին մէջ նահատակուած Գէորգ Չաւուշի հոգին էր, որ յարութիւն կþառնէր Լիբանանի մէջ եւ իր մարտական գաղաբարական օրինակով կը սնանէր Լիզպոնի նահատակները, որոնք դիմեցին ինքնազոհութեան եւ նուիրումի‘ յանուն մեր նուիրական դատին։ Նոյն տրամաբանութեամբ՝ Լիզպոնի նահատակներուն օրինակը յարութիւն կþառնէր Արցախի մէջ, եւ պատահական չէ, որ Կարօտ Մկրտիչեանի եւ իր զինակիցներուն Պետոյի եւ Հրաչի ամենասիրած երգն էր Լիզպոնի նահատակներուն նուիրուած երգը: Մենք կը հաւատանք, որ Լիզպոնի նահատակներուն հոգին յարութիւն առաւ Արցախի մէջ եւ ոգեւորութեամբ եւ գաղաբարապաշտութեամբ սնանեց մեր ազատամարտիկները, որոնք նուաճեցին Արցախի յաղթանակը եւ նոյն տրամաբանութեամբ՝ համոզուած ենք, որ Թաթուլ Կրպէյեաններու, Կարօտ Մկրտչեաններու, Հրաչ Մուրատեաններու եւ Պետօ Ղեւոնդեաններու հոգին օր մը անպայման յարութիւն պիտի առնէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հասնելու համար գաղաբարական շարժումի՝ ՀՅԴ վախճանական նպատակին, կառուցելու համար ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան»,- ըսաւ Մկրտիչեան: