Շաբաթ 27 Յուլիսի գիշերը, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, փայլուն մեկնարկը տրուեցաւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերուն, որ պատմական ու անմոռաց իրադարձութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ համայն հայութեան համար։
Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր 95-ամեայ յաւերժականութիւնը իրողապէս արձանագրեց հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ, մարզախաղերու բացման մեծաշուք հանդիսութեամբ: Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 16 շրջաններէն ժամանած 650 մարզիկներ, մարզական պատասխանատուներ, հիւրեր եւ աւելի քան 25,000 հանդիսականներ:
Բացման հանդիսութեան նախօրեակին, երեկոյեան ժամը 6.30ին, Էրեբունի թանգարանին առջեւ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու ջահին բոցավառման արարո- ղութիւնը։
Արարողութեան խօսք առաւ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ջահակիրները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Միհրան Շիմշիրեան։ Ան յայտնեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու ջահը կը բոցավառի 28 դար առաջ հայոց քաղաքակրթութեան օրրանը հանդիսացած Էրեբունի քաղաքէն եւ կÿուղղուի դէպի «Ազատութեան» հրապարակ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնն է այդ, քաղաքակրթութեան ջահակիրը դառնալ եւ միշտ ազատութեան ձգտիլ ու հասնիլ, ընդգծեց Շիմշիրեան։
Մարզախաղերու ջահը վառեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց եղբայր, մարաթոն վազքի երկարամեայ ախոյեան Լեւոն Թաշճեան, որուն հետեւեցան մարզախաղերու մասնակից երկիրներէն 34 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք Էրեբունի թանգարանէն մինչեւ «Ազատութեան» հրապարակ ջահը փոխանցեցին փոխն ի փոխ վազելով։
Բացման հանդիսութեան հանդիսավարն էր Մամիկոն Սիմոնեան: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու պատմականը, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը, Սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանը եւ Հայաստանի Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ ու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը։ Ան նաեւ բեմ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի
Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Միհրան Շիմշիրեան, Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Հրաչ Մեսրոպեան, Բագրատ Եսայեան, մարմնամարզի նախարարութեան ներկայացուցիչը, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Ալիսիա Պէճանեանը, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Արսէն Համբարձումեանը, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ Համահայկական Մարզախաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամներ։
Երեւանի թմբկահարներու համոյթի առաջնորդութեամբ, բացման հանդիսութիւնը սկսաւ հանդիսաւոր տողանցքով, մարզախաղերու մասնակից մարզիկ-մարզիկուհիներու մասնակցութեամբ։ Հիւրընկալ Հայաստանի կողքին, աշխարհի 17 երկիրներէն ժամանած 650 մարզիկներ, մարզիչներ եւ վարչական պատասխանատուներ, տողանցեցին Հիւսիսային պողոտայէն դէպի «Ազատութեան» հրապարակ։ Տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի ուսանողական ֆորումին մասնակիցները։
Յաջորդեց Հայաստանի, Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշներուն մուտքը «Ազատութեան» հրապարակ։
Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով սկսաւ հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը՝ խօսքերով, համերգով եւ հրավառութեամբ։
ՀՄԸՄի ղեկավարութեան հանդիպումները
Երեւանի մէջ 27 Յուլիսէն 3 Օգոստոս տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն առիթով Հայաստան գտնուող ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները 25 Յուլիսին այցելեցին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։
Ողջունելով հիւրերը եւ կարեւոր նկատելով ՀՄԸՄին դերակատարութիւնը հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ՝ վարչապետը նշեց, որ միշտ հաճելի է հանդիպիլ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան երիտասարդներուն հետ: «Համոզուած ենք, որ հայրենասիրական դաստիարակութեան ոգին պահպանելու եւ յառաջ մղելու գործը լաւագոյնս կը տանիք դուք: Կը հաւաստիացնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի լաւագոյնս կարենաք այդ առաքելութիւնը իրականացնել», յայտնեց վարչապետը։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը վարչապետ Սարգսեանին ներկայացուց հանդիպման մասնակիցները եւ ընդգծեց, որ իրենց նպատակներէն է սփիւռքահայ երիտասարդները մղել հայրենիք այցելելու։ Ան տեղեկացուց, որ 28 Յուլիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ 9րդ մարզախաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, աւելցնելով, որ անոնք պիտի տեւեն մէկ շաբաթ: Գ. Մկրտիչեան նաեւ յայտնեց, որ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն 651 մարզիկներ:
Հ
ՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիգրան Սարգսեանին՝ մարզախաղերու կազմակերպման օժանդակելու իմաստով ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար. իրողութիւն մը, որուն իրենք տարբեր առիթներով հանդիպած են։ Անոնք նաեւ խնդրեցին վարչապետին աջակցութիւնը՝ բանակավայրերու համար Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ տրամադրուած տարածքներու բարեկարգման եւ ընդլայնման հարցին գծով: Անոնք նաեւ բարձր գնահատեցին վարչապետին յանձնարարութեամբ ստեղծուած միջնախարարական յանձնաժողովին կողմէ այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները:
Ընդգծելով ազգապահպանութեան առաքելութեան մէջ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններուն նշանակալի դերը՝ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ամուր ըլլալը, որովհետեւ անոնք իրենց ուսերուն կը կրեն մեծ առաքելութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց փափաքն ու հետաքրքրութիւնն է, որ հայկական աւանդական կուսակցութիւնները միշտ զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ անոնց տարած հայապահպան առաքելութիւնը այլընտրանք չունի: Աւարտին, Գ. Մկրտիչեան մարզախաղերու յատուկ յուշանուէրը յանձնեց վարչապետին։