![]()
ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն
ընդգրկուած է ութ մարզաձեւ եւ հարիւրաւոր մարզիկներ
Երեւան սկսած են ժամանել ՀՄԸՄի միջազգային ընտանիքի անդամները, տարբեր գաղութներէ հասնող խումբեր, մասնակցելու համար 9րդ համա-ՀՄԸՄական խաղերուն, որ Երեւանի մէջ պիտի կայանան 27 Յուլիսէն 3 Օգոստոս ժամանակահատուածին ընթացքին: Խաղերը պիտի հիւրընկալեն 650 մարզիկ 18 երկիրներէ:
Այս մարզախաղերուն ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են ութ մարզախաղեր, որոնք հետեւեալներն են՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, լող, աթլեթիզմ, թենիս, փինկ փոնկ եւ ճատրակ:
Մարզախաղերուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ եկած շուրջ 650 մարզիկներ, ինչպէս՝ Հայաստան, Լիբանան, Իրան, Գանատա, Մեծն Բրիտանիա, Երուսաղէմ, Իրաք, Քուէյթ, Եգիպտոս, Արժանթին, Աւստրալիա եւ Ուրուկուէյ:
ՀամաՀՄԸՄ-ական քառամեայ խաղերը երկրորդ անգամն է, որ կը կայանան Երեւանի մէջ: Յիշեցնենք, որ նախորդ մարզախաղերը հիւրընկալող երկիրներն էին Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Լիբանան:
ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերու հանդիսաւոր բացումը պիտի կայանայ Շաբաթ, 27 Յուլիսին, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, փայլուն տօնակատարութեամբ: Խաղերը պիտի աւարտին 3 Օգոստոսին: