Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» օրաթերթի մէջ, Վահրամ Աթանէսեանի գրիչէն կը կարդանք հետեւեալ տեղեկութիւնը.-

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներէն վիրթուալ.-օրկ, առանց աղբիւր մը մատնանշելու, կը մէջբերէ Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլիի այն խօսքերը, ըստ որոնց, «փոխանակ այս տարի աւարտելու Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին, երկաթուղիի շինութիւնը երկու տարիով յետաձգուեցաւ»։ Վրաստանի նախագահի կարծիքով, այդպիսի յետաձգում մը վտանգաւոր է Վրաստանի համար, քանի որ Վրաստան այդպէս կրնայ կորսնցնել տարածքաշրջանային կեդրոն մը ըլլալու իր հանգամանքը։

Սահակաշվիլիի խօսքերով, երկաթուղիի եւ Լազիքա նաւահանգիստի շինութիւնը աւարտելու պարագային Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերը դուրս հանելու առընչութեամբ փոխադրումները «պիտի իյնային Վրաստանի վրայ»։ Ան նաեւ աւելցուց որ Վրաստան «իր կարելիութիւնը բաց թողուց կառավարութեան սխալ քաղաքականութեան պատճառով»։

Սահակաշվիլիի կողմէ այս ձեւակերպումը անթաքոյց ակնարկ է ուղղեալ «Վրացական երազանք» դաշինքի հասցէին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս դաշինքը յաղթած էր խորհրդարանական ընտրութիւններու մէջ եւ Պիձինա Իվանաշվիլիի գլխաւորութեամբ կազմաւորուած է նախագահին ընդդիմադիր կառավարութիւն մը։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցը այս առիթով կը յիշեցնէ որ Վրաստանի նախկին կառավարութիւնը կը ծրագրէր Սեւ Ծովու ափին վրայ կառուցանել Լազիքա նոր քաղաքը եւ համանուն նաւահանգիստը, մինչդեռ 2012-ի Նոյեմբերէն ետք, նոր կառավարութիւնը նպատակայարմար չի տեսներ այդպիսի ծրագիր մը։

Ինչպէս յայտնի է, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագծով պէտք է կառուցուի 98 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղիի նոր գիծ մը, որու 68 քիլոմեթրը բաժին կ'իյնայ թրքական, 30ը՝ վրացական կողմին։ Նախապէս յայտնի դարձած էր որ Վրաստան իր բաժին 30 քիլոմեթրը կառուցանելու համար նիւթական միջոցներ չունէր եւ այդ պատճառով 775 միլիոն տոլարի արտօնեալ վարկ մը ստացած էր Ատրպէյճանէն։

Պիձինա Իվանշվիլի, ստանձնելով վարչապետի պաշտօնը, առաջնահերթ կարգով ստուգումներու ձեռնարկած էր, «ատրպէյճանական արտօնեալ վարկի չափերու համապատասխանութիւնը այս նախագծին»։ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը կասկածներ ունի որ Սահակաշվիլի դրամական գաղտնի գործառնութիւն ունեցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ։ Այսինքն, վրացի իշխանութիւնները այն կարծիքն ունին որ Սահակաշվիլի 30 քիլոմեթր երկաթուղին կառուցանելու համար Ատրպէյճանէն ստացած է աւելի մեծագումար վարկ մը, որ բեռ պիտի դառնայ սերունդներու ուսերուն։ Պաշտօնապէս Վրաստանի կառավարութիւնը տակաւին չէ յայտարարած որ կը հրաժարի այս երկաթուղիի նախագծէն, բայց ատրպէյճանական կողմի հետ կը քննարկէ 775 միլիոն տոլար վարկի «նպատակայարմարութեան հարց»ը։

Նկատի ունենալով որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին Իլհամ Ալիյեւի կողմէ «Հայաստանը մեկուսացնելու» համար քաղաքական նոր բաղադրիչ մըն է, կարելի է ենթադրել որ Ատրպէյճան պիտի համաձայնի որպէսզի դարձեալ վարկի վերա- հաշուարկ մը կատարուի։ Վրացական կողմի կարծիքով, 30 քիլոմեթր երկաթուղիի շինութեան համար առաւելագոյնը պէտք է ծախսուի 350-400 միլիոն տոլար։ Արդեօք Ատրպէյճան ու Վրաստան համաձայնութիւն կը գոյացնե՞ն այս հարցի շուրջ։ Այնպէս կը թուի թէ ամէն ինչ յայտնի պիտի դառնայ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն ետք։