Փոխադրամիջոցներու սակագինի թանկացումներուն դէմ պայքարը մեծ ընթացք առած է: Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ հերթական բողոքի ցոյց կատարեցին ՀՅԴ երիտասարդական, Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնները եւ շարքային քաղաքացիներ:
Ցոյցի մասնակիցներէն շատերը համոզուած են, որ քաղաքապետարանը ժողովուրդին սխալ հաշիւներ կը ներկայացնէ: Անոնք պատրաստ են պայքարելու մինչեւ վերջ՝ անցեալին գործող 100 դրամին վերադառնալու համար:
Միութիւններու անդամներն ու անոնց միացած սովորական քաղաքացիները պահանջեցին, որ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան կատարէ ամիսներ առաջ տուած իր այն խոստումը, թէ փոխադրամիջոցներու սակագինը պիտի չբարձրանայ:
Քաղաքապետարանին մօտ հաւաքուած բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն մէկ հանգամանք կը զարմացնէ, ինչո՞ւ «150 դրամ չենք վճարեր» ցոյցին աւելի շատ քաղաքացիներ չեն միանար: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները բոլոր համաքաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին միանալու իրենց եւ պայքարելու ոտնահարուած իրաւունքները վերականգնելու համար:
Բողոքի ցոյցէն վայրկեաններ առաջ գործի դրուեցան քաղաքապետարանի առջեւի սիզամարգեր ջրելու համար նախատեսուած համակարգերը: Հակառակ անոր, որ բարակ շիթով էր, ամէն պարագայի, ջուրը կը թրջէր բողոքի ցոյցին մասնակիցները, իրադարձութիւնը լուսաբանող լրագրողները եւ քաղաքապետարանին մուտքը շրջափակած ոստիկանները:
Լուսինէ Եաղուբեան. Ուղեվարձի բարձրացումը լրջօրէն կ'անդրադառնայ
դպրոցականներու ու ուսանողներու վրայ
PanARMENIAN.Net - Փոխադրամիջոցներու մարզը Հայաստանի մէջ առաւել բարդ կառավարուողներէն է. չեն լուծուած անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրները:
Հասարակական փոխադրամիջոցներու ուղեվարձի բարձրացումը չի յանգեցուց որակի բարելաւման: Այդ մասին Յուլիս 23-ին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին մէջ ըսած է «Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն» ՀԿ նախագահ Լուսինէ Եաղուբեանը: «Մենք կրկին խցանումներ ենք տեսնում ճանապարհներին, երթուղային տաքսիները կրկին գերբեռնուած են, մարդիկ միմեանց ծնկներին են նստում, բազմաթիւ խնդիրներ լուծուած չեն»,-ըսաւ ան:
Լուսինէ Եաղուբեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հանգամանքին, որ հասարակական տրանսպորտի ուղեվարձի բարձրացումը կþանդրադառնայ անապահով շերտերու վրայ՝ թոշակառուներու, դպրոցականներու, ուսանողներու, որոնք Սեպտեմբերին կրկին կþայցելեն ուսումնական հաստատութիւններ:
ՀԿ նախագահը պարզ հաշուարկ կատարեց, որ ամսուայ ընթացքին աշխատանքի, դպրոց կամ բուհ յաճախելու համար 100 դրամ ուղեվարձի պարագային 6000 դրամ կը պահանջուի՝ չհաշուած փոխադրամիջոցներէ օգտուելու այլ դէպքերը: Իսկ 150 դրամի պարագային, մարդիկ արդէն ամսական փոխադրամիջոցներու վրայ առնուազն 9000 դրամ կը ծախսեն: