ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Կառավարութիւնը 18 Յուլիսի իր նիստին հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ առաջին Ազատ տնտեսական գօտին պիտի սկսի գործելու 1 Օգոստոսէն սկսեալ:
Այդ տարածքներուն մէջ ազատ տնտեսական գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներու ընկերութիւններ: Ասիկա այն քայլն էր, որ ծրագրուած է երկար տարիներէ ի վեր։ «ՌԱՕ ՄԱՐՍ» եւ «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաների գիտահետազօտական ինստիտուտ» ընկերութիւններու տարածքներուն մէջ պիտի ստեղծուին ազատ տնտեսական գօտիներ: Հոն ազատ տնտեսական գործունէութիւն կը ծաւալեն ելեկտրոնային, ճշգրիտ երկրաչափական, դեղագործութեան, տեղեկատուական արհեստագիտական, այլընտրանքային ուժանիւթի, արտադրական ձեւագծութեան եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու ընկերութիւնները: Այստեղ տարածքները պիտի վարձուին՝ 1 քիլոմեթրը 10 տոլար ամսավճարով: