Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ Հիրոշիմայի ռըմբակոծման անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքար պիտի տեղադրուի:

Ճափոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեանը 18 Յուլիսին կայացած Երեւան-Թոքիօ-Հիրոշիմա հեռուստակամուրջին ընթացքին այս մասին յայտնած է՝ նշելով, որ այս իմաստով բանակցութիւններ կը կատարուին եւ շուտով յուշաքարը պիտի տեղադրուի: Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է   Հայ-ճափոնական գիտակրթական մշակութային «Հիկարի» կեդրոնը, իսկ անոր բնաբանն էր այն, որ Հիրոշիմայի ողբերգութիւնը պէտք չէ կրկնուի:

Դիւանագէտը յայտնած է, որ իր նշանակման օրէն ի վեր արդէն երկու անգամ այցելած է Հիրոշիմա, իսկ առաջին անգամ հոն գտնուած է 1987ին:

«Հիրոսիմայի Խաղաղութեան թանգարան այցելութեան ընթացքում ես գրառում եմ թողել հիւրերի գրառումների գրքում: Ես գրել եմ. «Հիրոսիմայի ողբերգութիւնը ոչ միայն Հիրոսիմայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի ողբերգութիւնն էր», յայտնած է Հրանդ Պօղոսեանը:

Հիրշոմայէն հեռուստակամուրջին կը մասնակցէին Խաղաղութեան թանգարանի տնօրէն Եասուոսի Կոմիզոն եւ Հիրոշիմայի ռմբակոծումը վերապրած 82ամեայ Կաճիմոտօ-Սանը: Երեւանէն մասնակցողներուն կարգին էին «Հիկարի»ի ներկայացուցիչները, ճափոներէնի մասնագէտներ, Երեւանի մէջ ուսանող ճափոնցիներ եւ այլ անձեր։

2005ին «Հիկարի» կեդրոնի տնօրէն Կարինէ Փիլիպոսեանի նախաձեռնութեամբ հայ երեխաները պատրաստած եւ Հիրոշիմա ուղարկած էին ճափոնական աւանդական լապտերներ՝ ի նշան վշտակցութեան: Այդ օրէն նախաձեռնութիւնը դարձաւ տարեկան, միացան նաեւ այլ երկիրներու երեխաներ: Նախորդ տարի հայկական պատուիրակութիւնը մեկնած էր Հիրոշիմա, հայ երեխաները անձամբ լապտերներ յանձնած են։ Այս տարի Հիրոշիմա պիտի ուղարկուի 68 լապտերիկ՝ ողբերգութեան յաջորդած տարիներուն թիւով: