Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցնող շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կազմաւորման 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկին:
Իր խօսքին մէջ նախագահը շնորհաւորեց նախարարութեան անձնակազմը յոբելեանին առիթով եւ նշեց, որ նախարարութեան կազմաւորումը Արցախի պետականաշինութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի ամէնէն ճակատագրական հատուածներէն մէկուն մէջ եղած է ժամանակի պահանջ ու անհրաժեշտութիւն: Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախի պետականութեան կարեւորագոյն հիմնարկներէն մէկն է, որ իր գործունէութեան առաջին իսկ օրէն դիւանագիտական ճակատի վրայ կը պաշտպանէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին շահերը միջազգային տարբեր ատեաններուն ու հարթակներուն վրայ‘ աւելցնելով, որ պետութիւնը պիտի շարունակէ ըստ ամենայնի աջակցիլ նախարարութեան առջեւ դրուած խնդիրներու լուծման:
Այնուհետեւ երկրին ղեկավարը պետական պարգեւներ յանձնեց եւ դիւանագիտական աստիճան շնորհեց արտաքին գործոց նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներուն: Հանդիսութեան կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարարները, պետական, քաղաքական եւ հասարակական հատուածներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արտերկրէն հիւրեր:
Բակօ Սահակեան զրուցեց
Էդուարդ Նալբանտեանի հետ
Ստեփանակերտ ժամանած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը որ այդ առիթով հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց 12 Յուլիսին Վիեննայի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակի համանախագահներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սահակեան եւ նախարար Նալբանդեան զրոյց ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ աշխուժ եւ համակարգուած աշխատանքը:
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ նախարար Կարէն Միրզոյեանի, արտերկրի մէջ Արցախի ներկայացուցիչներուն եւ նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ: Շնորհաւորելով արցախցի դիւանագէտները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման 20-ամեակին առիթով՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ պիտի շարունակէ համակողմանի աջակցութիւնը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան:
Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները եւ պատասխանեց արցախցի դիւանագէտներու հարցումներուն:
Աւելի ուշ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:
Խօսք առնելով հանդիսաւոր նիստին՝ նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ մասնաւորապէս անկախ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հիմնադրուեցաւ պատերազմի պայմաններուն մէջ: Երկու տասնամեակ ետք խաղաղ, գեղատեսիլ եւ բարեկարգ Ստեփանակերտի մէջ այս գեղեցիկ սրահին մէջ, այսքան տօնական տրամադրութեամբ կը նշուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման 20-րդ տարեդարձը:
Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ այս քսան տարիները, որոնք հետագայ սերունդներուն եւ պատմագիրներուն համար պատմական ակընթարթ կը թուին, մեզի՝ ժամանակակիցներուս համար, կը ներկայացնեն ամբողջ դարաշրջան մը: