Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւններու ջանքերով այս ամառ Արցախի մէջ կեանքի պիտի կոչուին պատանեկան ճամբարներ։ Կը նախատեսուի, որ տարբեր ճամբարներու ծրագիրներուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն արցախցի 1000 պատանիներ:

2009 թուականէն ի վեր պատանեկան ճամբարներ կազմակերպելու նպատակով ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան շրջանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւներէն տասնեակ երիտասարդներ այցելած են Արցախ եւ տարբեր գիւղերու կամ քաղաքներու երեխաներուն համար երկշաբաթեայ անվճար ճամբարային ծրագիրներ կազմակերպած են:

Անցեալ տարի, բացի Ստեփանակերտէն, սփիւռքահայ երիտասարդները ճամբարներ կազմակերպած են Կովսական, Ասկերան, Շուշի եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ:

Պատանեկան ճամբարներու 9-16 տարեկան մասնակիցները երկշաբաթեայ ճամբարի ընթացքին Սփիւռքէն ժամանած ՀՅԴ երիտասարդանի անդամներէն կը սորվին հայոց պատմութիւն, բուժօգնութեան տարրական գիտելիքներ, երգեր եւ անգլերէն լեզու:

Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արցախի երիտասարդական միութեան Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչ Վահագն Դադաեանի հաստատումով, ճամբարներու նպատակը նորահաս սերունդին մէջ հայրենիքի հանդէպ սէր եւ ազգասիրութիւն սերմանել է։

Արցախի մէջ առաջին անգամ ճամբարը կազմակերպած է Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնը: Նոյն թուականին Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ ճամբար կազմակերպած է Լիբանանի «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը։ Կովսական քաղաքի ճամբարներուն կը մասնակցին Կովսական, Միջնավան քաղաքներու եւ այդ քաղաքներու մերձակայ գիւղերու երեխաները:

Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութիւնը 2009-էն ի վեր տարեկան երկու ճամբար կը կազմակերպէ Արցախի մէջ։ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութիւնը տարեկան 3 ճամբար կը կազմակերպէ նաեւ Հայաստանի մէջ:

Լիբանանի երիտասարդականի Մարտունիի ճամբարին պիտի մասնակցին 200 պատանիներ: