Հ
այաստանի Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի՝ օր մը առաջ Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութեան, թէ Թուրքիա միշտ սատարած է ու կը սատարէ Ատրպէյճանին եւ պատրաստ է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր յայտարարութեամբ վերահաստատեց, որ իր պետութիւնը կը նպաստէ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի ոչ թէ արդարացի, այլ ատըրպէյճանամէտ լուծման: Ուստի, եթէ Թուրքիա իսկապէս շահագըրգռուած է ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի շուտափոյթ լուծումով, ապա պէտք է կատարէ պարզ քայլ մը՝ չխառնուի եւ չմիջամտէ լուծման հոլովոյթին», յայտարարած է Էդուարդ Շարմազանով: