Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Էր Արապիա» օդանաւային ընկերութիւնը 16 Օգոստոսէն պիտի սկսի Շարժա-Երեւան թռիչքներու:

Այս մասին 16 Յուլիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է ընկերութեան հասարակութեան հետ կապերու հարցերով պատասխանատու Հուսամ Ռայտանը: Երեւանը պիտի ըլլայ 86րդ ուղղութիւնը, դէպի ուր կը թռչին ընկերութեան օդանաւերը: Տեղի պիտի ունենան շաբաթական երկու թռիչք՝ Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը։ Ընկերութեան ներկայացուցիչը ընդ- գծած է, որ առաւելութիւններէն մէկը ուղղութիւններու ընդարձակ եւ մեծ ցանցն է՝ դէպի 13 քաղաքներ Հնդկաստանի մէջ եւ 25 քաղաքներ՝ այլ ցամաքամասեր:

«Ասիկա անկասկած լաւ նորութիւն է 2000 հնդիկ ուսանողներուն համար, որոնք կը բնակին Երեւան: Այժմ անոնք կրնան Շարժայի վրայով ճամբորդել դէպի Հնդկաստանի տարբեր քաղաքներ», յայտնած է Ռայտանը: Բացի ատկէ, Շարժան տարածաշրջանային տարանցիկ հանգոյց է, որ կրնայ ծառայել հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ շարք մը ուղղութիւններ ճամբորդելու։

Երեւանէն Շարժա տոմսը մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ պիտի արժէ 175 տոլար, իսկ Նոր տարուան շրջանին կրնայ սղիլ եւ հասնիլ 300 տոլարի։