Մետաքսի ճանապարհի սեւծովեան միջանցքի (BSSRC) ծրագիրի հայ, յոյն, վրացի եւ թուրք գործընկերները ազդանշանը տուին անդրտարածաշրջանային ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկին՝ Վայոց Ձորի Նորավանքի տաճարին մօտ:
BSSRC-ը Վրաստանի, Յունաստանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններու միացեալ ծրագիր է, որուն նպատակն է Թեսաղոնիկէ քաղաքէն մինչեւ Մեղրի ձգուող 3000 քիլոմեթրնոց զբօսաշրջային ուղի ստեղծել:
Բացման արարողութեան մասնակիցները դիտեցին Արենի եւ Շատին գիւղերու մանկահասակ պարողներու եւ երաժիշտներու կատարումներն ու շրջագայեցան Նորավանքի գեղատեսիլ համալիրին մէջ: Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն նշեց, որ զբօսաշրջիկները 3000 քիլոմեթր ուղիին վրայ գտնուող բոլոր տեսարժան վայրերուն, ինչպէս նաեւ պանդոկներուն, ճաշարաններուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ պիտի ստանան այս ծրագրի հի-մամբ: Ճ. Հեֆըրն դիտել տուաւ, որ ծրագիրին նպատակն է չորս երկիրներու ժողովուրդները իրարու մօտեցնել: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի հնավայրերու գրաւչութեան մասին:
Հայաստանի մօտ Վրաստանի դեսպան Թենքիզ Շարմանաշվիլին կարեւոր նկատեց այս ծրագիրը, որուն պատճառով ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնը պիտի սերտանայ։ «Լաւ կ՛ըլլայ, որ մարդիկ անձամբ հանդիպին, տեսնեն իրարու մշակոյթը, կենցաղը եւ ոչ թէ լսեն այդ բոլորին մասին երրորդ անձէ մը», ըսաւ դեսպանը՝ նշելով, որ այսպիսով մարդիկ աւելի լաւ պիտի ճանչնան զիրար։
Ծրագիրի գործընկեր, Թուրքիոյ տնտեսագէտներու միութեան ընդհանուր համակարգող Ֆիրատ Պոլատը անդրադարձաւ ծրագիրի տնտեսական օգուտներուն՝ նշելով, որ անիկա պիտի նպաստէ երկիրներու տնտեսական եւ ընկերային զարգացման, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ համագործակցութեան կամուրջ:
Ծրագիրը նաեւ պիտի ներառէ սմարթֆոններու 5 յաւելուածներ, iPhone-ներու, iPad-ներու, ինչպէս նաեւ Android եւ Windows համակարգով աշխատող հեռախօսներու եւ «պլանշեթ»ներու թիւեր, պիտի մշակուի ճամբու ելեկտրոնային ծրագիր:
2013-2015ին Հայաստանի զբօսաշրջութեան 43 վայրերու մէջ պիտի տեղադրուին ուղղորդիչ նշաններ, տեղեկատուական վահա- նակներ, հետիոտն այցելութեան եւ արշաւային ցուցանակներ, 55 յուշախուցեր եւ այլն: Այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Եւրոպական Միութեան Սեւծովեան համագործակցութեան ծրագիրը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը՝ իր «Ի.Թի.Էմ. Սի.» ծրագիրը:
Նշենք, որ բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Հայաստանի մօտ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Թրայան Հրիսթէան, Յունաստանի, Վրաստանի, Իտալիոյ եւ Չինաստանի դեսպանները, Հայաստանի մշակոյթի, տնտեսութեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարարութիւններու, եւ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի 43 պատմամշակութային վայրեր՝
Մետաքսի ճանապարհի սեւծովեան միջանցքին մաս
Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդուած էր, Մետաքսի ճանապարհի սեւծովեան միջանցքի (BSSRC) ծրագիրով զարկ պիտի տրուի Հայաստանի այն պատմամըշակութային եւ բնութեան վայրերու մասին, որոնք պիտի ընդգրկուին BSSRC ծրագրին:
Խօսելով «Մետաքսի ճանապարհի սեւծովեան միջանցքի ծրագրի» մասին, ճանապարհորդութիւններու հայկական գրասենեակի տնօրէն Յովհաննէս Մարգարեանը դիտել տուաւ թէ «հայկական քաղաքակրթութիւնը՝ որպէս համաշխարհային քաղաքակրթութեան մաս, խթանելու յաւելեալ միջոց մըն է: Այն հնարավորութիւն պիտի տայ դրացի երկիրներուն համագործակցիլ մշակութային բնագաւառէն ներս, ինչ որ պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան բնագաւառի մրցունակութեան բարձրացման եւ դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ ենթակառուցուածքներու ու ծառայութիւնների որակի բարելաւման վրայ: Այս ծրագիրը պիտի ամրապնդէ նաեւ Հայաստանի դիրքը՝ որպէս զբօսավայր, ինչը շատ կարեւոր նախապայման է Հայաստանի մէջ զբօսա- շրջային զարգացման համար»:
«Մետաքսի ճանապարհը պատմութեան ընթացքին շատ կարեւոր առեւտը- րային ուղի եղած է, եւ պատմական այս վայրերը նպաստած են տարբեր երկիրներու զարգացման: Այսօր մենք կը փորձենք վերականգնել Մետաքսի ճանապարհի միջանցքը՝ որպէս զբօսուղի եւ թաքնուած գանձ»,- ըսած է Թուրքիայի Տնտեսագէտների միութեան նախագաhի տեղակալ Ֆիրատ Պոլատը:
Ծրագրի յունական բաժնի գործընկեր Փիրոս Մերքուրիսի խօսքով՝ բջջային հեռախօսներու նոր արհեստագիտութիւնը եւ յաւելուածները զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն կու տան տեղեկատուութիւն ստանալ այցելութեան համար հետաքրքրական վայրերու եւ զբօսաշրջային ծառայութիւններու մասին: Առցանց այս համակարգը պիտի ներկայացուի զբօսաշրջային գործակալութիւններուն եւ թուրիզմի մարզի մասնագէտներուն, յատկապէս՝ անոնց, որոնք կը հետաքրքրուին GPS համակարգի եւ բջջային հեռախօսներու յաւելուածներու միջոցով պատմական եւ բնական զբօսավայրերը իրար կապելու խնդիրներով: Անոնք կրնան օգտագործել այս ձեւերը՝ զբօսաշրջային նոր ծրագիրներ մշակելու եւ զբօսաշրջական վայրերը աւելի լաւ ձեւով հասանելի դարձնելու մասին: