Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը՝ նահանգի Հայ-աւստրալիական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահ Ճոնաթան Օտիի գլխաւորութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Աւստրալիայէն ժամանած պատուիրակութիւնը, որուն անդամներէն իւրաքանչիւրը, նախագահին խօսքով, իր նշանակալի ներդրումը ունի հայ-աւստրալիական յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Հայաստանի համար կենսական հարցերու ներկայացման գործին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց նման այցելութիւնները, որոնք լաւագոյն կարելիութիւնն են տեղւոյն վրայ ծանօթանալու Հայաստանի եւ շրջանին մէջ առկայ զարգացումներուն, ստանալու հետաքրքրող հարցերուն պատասխանները, անմիջական կապ հաստատելու գործընկերներուն հետ, ինչպէս նաեւ հաղորդակից ըլլալու հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն:
Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն՝ հայ-աւստրալիական միջպետական կապերու ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման գործին մէջ աշխուժ գործունէութեան համար: