Ճափոնացի Քումի Օզաքի շատ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է Հայաստանի հանդէպ։ Ան, թէեւ շատ քիչ նիւթական միջոցներ տրամադրելով, բայց շատ մեծ խանդավառութեամբ՝ հիմնեց հայ-ճափոնական մշակութային Japar20 միութիւնը Ճափոնի մէջ։
Միութիւնը հիմնուեցաւ Ապրիլ 2012-ին, Japar20 անունը որդեգրելով, որը կը խորհրդանշէ հայ-ճափոնական դիւանագիտութեան
յարաբերութիւններու 20-ամեակը։ Ան բաղկացած է Ճափոնական ծաղիկով մը եւ Տաթեւ բառով, որոնք իրարու խառնուած՝ կը յատկանշեն երկու երկիրներու սիրալիր կապերը։
Ըստ Քումիի խօսքերուն, «թէեւ երկու ժողովուրդները ունին մեծ տարբերութիւններ, հայերը եւ ճափոնացիները ունին համբերութիւն ու դիմադրողականութիւն դժուարութիւններուն հանդէպ, խոր կրօնական հաւատք, հին մշակոյթ որ կը պաշտպանեն օտար ազդեցութիւններէ, կառչած մնալով իրենց բարքերուն եւ հաւատքին»։
Քումի թէեւ Փարիզ կը բնակի, կը սորվի հայերէն լեզուն։ Իր ծրագիրները յառաջացնելու նպատակով կը փնտռէ նուիրատուութիւններ ապահովել Ֆրանսայի հայ եւ ճափոնացի ժողովուրդէն եւ յաճախակիօրէն կ'այցելէ Երեւան եւ Գիւմրի ուր կը ներկայացնէ իր ծրագիրները։
Այս տարուան համար ան սկսած է «օրիկամի»ի աշխատանոցներ , ուր փոքրերը կը սորվին այս ճափոնական խաղը, կը սորվին ցօղերով ճաշակել եւ եփել ճափոնական ճաշեր։ Նաեւ կը կազմակերպուին երաժշտական ելոյթներ, ուր կը ներկայացուի հայկական տուտուկը եւ ճափոնական «շաքուհաչի»ն։ Յունիս ամսուայ ընթացքին կազմակերպուեցան պարի եւ շարադրական ելոյթներ։
Աշնան նոր ծրագիրներ պիտի ներկայացուին հանրութեան։