Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Որոնք են այն պետութիւնները, որոնց քաղաքացիները Հայաստան մուտք գործելու համար վիզա պէտք է ստանան տուեալ երկրէն՝ հրաւէրով կամ առանց հրաւէրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք ցանկը այն պետութիւններուն, որոնց ճամբորդական փաստաթուղթ ունեցող քաղաքացիները, Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքի վիզա ստանալու համար պէտք է դիմեն օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ   հիւպատոսական հիմնարկներուն եւ Հայաստանի վիզա ստանան հրաւէրով։
Աֆղանիստան,  Պանկլատէշ, Քամերոն, Եգիպտոս, Իրաք, Նայճերիա, Փագիստան, Սէտական Արաբիա, Սոմալ,  Սրի Լանգա, Սուտան,  Սուրիա, Վիեթնամ, Նեբալ, Պաղեստին, Գոտ տ'իվուար, Կանա, Սիեռայ Լէոնէի քաղաքացիներ եւ ճամփորդական փաստաթղթեր ունեցող անձինք, Ալժիր, Մարոք, Լիպիա, Մորիթանիա, Թունի, Անկոլա, Քէնիա, Եթովպիա, Թանզանիա, Ուգանտա, Զամպիա, Հասարակածային Գուինիա, Բօթսուանա, Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Կապոն, Սենեկալ, Նամիպիա, Գոնկօ, Մոզամպիք, Մաուրիտիուս, Մալի, Պուրկինա, Մատակասգար, Չատ, Զիմպապուէ, Պենին, Ռուանտա, Մալաւի, Գուինիա, Սվազիլանտ, Թոկօ, Լեսոտօ, Էրիթրիա, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն, Գափօ Վերտէ, Պուրունտի, Ճիպութի, Գամպիա, Լիպերիա, Սեյշելեան կղզիներ, Գուինիա Պիսաու, Քոմորեան կղզիներ, Սան Տոմէ եւ Պրինսիպ, Սուրբ Ելենա կղզի, Հարաւային Սուտան:
Չինաստանի եւ Հնդկաստանի քաղաքացիները Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքի վիզա  կրնան ստանալ միայն օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն եւ հիւպատոսական հիմնարկներէն՝ նաեւ առանց հրաւէրի:
Չինաստանի եւ Հնդկաստանի ազգութեամբ հայ անձինք Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքի վիզա կրնան ստանալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային անցման կէտերէն:
Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու ղեկավարներուն նշուած պետութիւններու քաղաքացիներուն ե ճամբորդական փաստաթուղթեր ունեցող անձանց Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքի վիզան տրամադրելի է նաեւ առանց հրաւէրի‘ անոր մասին տեղեկացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան։
Լիբանանի եւ Յորդանանի քաղաքացիները Հայաստանեան վիզա կրնան ստանալ Հայաստանի օդակայանէն։