Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համազգայինի 19-րդ ուսանողական Ֆորումի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ 13 Յուլիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ներկայութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մասիս Պաղտասարեանին:
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ՝ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ

ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա՝ Ֆորումի պատմականը: Ան ըսաւ, թէ Կեդրոնական Վարչութիւնը 20 տարիներ առաջ երիտասարդական ուսանողական հաւաքը (ֆորում) ստեղծելու գաղափարը յղացած է, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ֆորումը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու կարեւորութեան :
2013-ի Ֆորումի ընդհանուր պատասխանատու Նորա Թաշճեան խնդրեց ներկաներէն 1 վայրկեան յոտնկայս յարգել նախորդ տարուան ֆորումի ղեկավար՝ Սերժ Գալուստեանի մահուան յիշատակը: Ան ամփոփ կերպով խօսեցաւ Ֆորումի յաջողութեան գլխաւոր բանալիին՝ կարգապահութեան ու օրէնքներու յարգումին մասին: Ան խնդրեց բոլորէն ճշդապահ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացնել ու փոխանցեց կեցութեան հետ կապւած անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ՝  ֆորումի ընթացքին եւ յանձնախումբերու աշխատանքներուն  մասին մանրամասնութիւններ: Մասնակիցներու գիտակցութիւնն ու փոխ վստահութիւնը կ՛երաշխաւորեն առողջ մթնոլորտի ստեղծումին, ըսաւ ան:
Ֆորումականներուն բարի գալուստ  մաղթեց նաեւ Ֆորումի դաստիարակչական բաժնի վերահսկող անդամ Կարօ Յովհաննէսեան, որ օրինակներու ճամբով շեշտը դրաւ իւրաքանչուր գաղութի ներդրումի կարեւորութեան վրայ աշխատանք մը ամբողջական ձեւով  յաջողեցնելու համար:
10-է աւելի շրջաններէ՝  Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Թիֆլիսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրասայէն, Կիպրոսէն, Արաբական Էմիրութիւններ եւ Պոլիսէն ժամանած հայ ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին եւ իրարու ծանօթացման առաջին փուլէն ետք ճաշեցին, բարձրացան փոխադրակառք եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սասունցի Դաւիթի արձանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Մայր Հայաստան յուշարձան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հաճելի եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան:
Յոգնութեան եւ անքնութեան դիմադրելով ֆորումականները  մեկնեցան «Ուրարտու» ճաշարան, ուր շարունակուեցաւ ընկերական մթնոլորտը: