Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին զուիցերիացի լրագրողներ Անտրէաս Շնայտըրի եւ Մայնրատ Շատէի աշխատանքները յաղթած են գերմանալեզու լրագրողներու հասարակական կազմակերպութեան «Արեւելքէն հաշուետուութեան ցանց» միջազգային մրցումին:
2012ի Ապրիլին Զուիցերիոյ «Reportagen» հրատարակչականին մէջ հրապարակուած Անտրէաս Շնայտըրի ընդարձակ յօդուածը՝ իրենց երկիրը վերածնող Արցախի բնակիչներուն մասին, լաւագոյնը նկատուած է «Գրութիւն» բաժինին մէջ: «Լուսանըկար» բաժինին մէջ յաղթած են Մայնրատ Շատէի Արցախի մէջ նկարուած լուսանկարները, որոնք նախապէս ալ տարբեր ցուցադրութիւններու ընթացքին ներկայացուած էին:
Լրագրողներու պարգեւատրման արարողութենէն ետք Մայնրատ Շատէի տուած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին պատմած է, որ Արցախէն շատ խոր ու գեղեցիկ տպաւորութիւններ ունեցած է՝ զայն կոչելով կայացած պետութիւն: