Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի ԳԱԱ «Հիդրոմեխանիկայի եւ վիբրոտեխնիկայի բաժին» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը երկրի հիւսիսը պիտի տեղադրէ հինգ հողմակայան: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնած է ընկերութեան տնօրէն Գուրգէն Աւետիսեան:
2011թ-ին բաժինը մշակած է փոքր հզօրութեամբ (մինչեւ 40 քվ) հողմակայնի նոր տարբերակ: Վերջերս անիկա արտօնագրուած է Տնտեսութեան նախարարութեան մտաւոր սեփականութիւն պաշտպանութեան գործակալութեան կողմէ:
«Առաջին ելեկտրակայանն արդէն տեղադրել ենք Շիրակի մարզի Մայիսեան համայնքում, որտեղ նաեւ փոքր հէկ է գործում: Այնտեղ նախատեսում ենք եւս չորս հողմակայան տեղադրել»,- յայտարարած է Աւետիսեան: Նոր կայանին կողմէ ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը դեռ գնահատուած չէ. անոր համար հարկաւոր է վերջնականապէս աւարտել տարածքի քամիի կարգաւորման աշխատանքները: «Մենք յուսով ենք արդէն ամրան աւարտին ելեկտրաէներկիա տալ ցանցին: Դրա համար պէտք է լուծենք հողատարածքի հետ կապուած մի շարք խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորղ յանձնաժողովից ստանալ կայանի շահագործման արտօնագիր»,- պարզաբանած է Աւետիսեան: Այնուհետեւ նոյն վայրին մէջ պիտի տեղադրուին միւս չորս կայանները: Ընկերութիւնը կայաններ պիտի թողարկէ նաեւ հետագային՝ ակնկալելով, որ մասնաւոր հատուածի մէջ եւս պահանջարկ պիտի ըլլայ:
Միաժամանակ գիտնականները չեն շփոթեր գինը՝ 35 դրամ քվ/ժամի դիմաց, որ, միւս նախագըծողներուն կարծիքով, չափազանց ցած է: «Մեզ համար գլխաւորը երկրին օգտակար լինելն է, ոչ թէ պարզապէս եկամուտ ստանալը: Բացի այդ, մի մոռացէք, որ այստեղ արտադրուած կայաններն անհամեմատ աւելի էժան են, քան ներ- կըրուածները: Դա էլ օգնում է տնտեսել: Թող չզարմացնի նաեւ մեր կայանների հզօրութիւնը: Էներգիայի ցանկացած հնարաւոր  աղբիւր, անգամ ոչ մեծ, պէտք է օգտագործել եւ օգտագործել գրագէտ, ոչ թէ գիշատիչ կերպով»,- ընդգծած է Գ. Աւետիսեան: