Հայաստան այցելած Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէ հանդիպում ունեցած է Ազգային Ժողովի ոչ իշխանական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին մէկ ու կէս ժամ տեւած փակ հանդիպման մը ընթացքին զրուցած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատգամաւորներուն հետ: Այս գծով Վահան Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ լուրջ մտահոգութիւններ փոխանցուած են յանձնակատարին՝ կապուած, առաջին հերթին, Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներու հետ:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ռուսական շուկաներու հնարաւոր փակման հարցը՝ այս ամէնը եւրոպական ընդլայնման գործընթացին մէջ չեն կրնար հաշուի չառնուիլ, եւ ասոնք մեր լրջագոյն մտահոգութիւններն են» ըսած է ան:
Իր նկատողութեան յանձնուած հարցերու կապակցութեամբ՝ Ֆիւլէ պատասխաններ տուած է, երբեմն ոչ այնքան բաւարար: «Մասնաւորապէս տնտեսական հարցերուն մէջ, որոշակի հեռանկար ներկայացուեց, մինչդեռ անվտանգութեան վերաբերեալ, յանձնակատարը ինք եւս մտահոգութիւններ ունէր» ըսած է Յովհաննիսեան: