Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդներու հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարայի հետ հանդիպումէն ետք:

Ըստ անոր՝ կողմերը մանրամասնօրէն քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցը: Որպէս ԵԱՀԿի նախագահ՝ Ուքրանիան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս հարցին։ «Համանախագահները աւելի յաճախակի հանդիպումներ կրնան ունենալ եւ օգնել հիմնա- խնդիրի կարգաւորման», յայտնած է Ատրպէյճանի նախարարը։

«Ես գործընկերս տեղեակ պահած եմ բանակցութիւններու ընթացքին մասին», աւելցուցած է Մամետեարով:

Հանդիպման յստակ   ամսաթիւը եւ ձեւաչափը տակաւին յստակացած չեն: Յայտնի չէ նաեւ՝ համանախագահները առանձի՞ն կը հանդիպին նախարարներէն իւրաքանչիւրին հետ, թէ երկկողմանի հանդիպումով։