Երեւանի Ս. Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ Կիրակի 7 Յուլիսին, ծիրանօրհնէքի աւանդական արարողութեամբ սկիզբ առաւ շարժապատկերի «Ոսկէ Ծիրան»ի 10րդ յոբելենական միջազգային փառատօնը։ Ծիրանօրհնէքի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ համախմբուեցան փառատօնի հիւրերը եւ
երեւանցիները, որոնք համտեսեցին օրհնուած ծիրանները։
Յաջորդաբար, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան»ի մեկնարկը, որու բացումը կատարեց երիտասարդական սիմֆոնիկ նուագախումբը, ներկաներուն ներկայացնելով շարժապատկերներու երաժշտական կտորներ։ Մշակոյթի
նախարարուհի Յ. Պօղոսեանը ողջունեց փառատօնի կազմակերպումը եւ ընթերցեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը։ Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը բեմ բարձրանալով ողջունեց երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրը, ապա ներկայացուց փառատօնի բացման ֆիլմը՝ «Կրակել դաշնակահարի վրայ» խորագրով, որու գլխաւոր դերը ստանձնած է Ազնաւուր։
Տօնական միջոցառումներու կողքին, Երեւանի Ազնաւուրի հրապարակին վրայ կայացաւ նաեւ «Ազնաւուրի աստղի» բացման արարողութիւնը։
Նշենք, որ անցած 10 տարիներուն ընթացքին, փառատօնը յաջողած է լաւ ճանապարհ կտրել, ճանաչում ստանալով միջազգային շրջանակներու մօտ։ Տարբեր տարիներու ընթացքին փառատօնի հիւրերը եղած են դերասանուհիներ Քլաուտիա Քարտինալէ, Ֆանի Արտան, բեմադրիչներ Ֆաթիհ Ակինը, Ջաֆեր Փանահին, Ապաս Քիարոստամին, Եոս Սթելինգը, Էմիր Քուսթուրիցա եւ ուրիշներ։