Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Փառատօնի  ծիրէն  ներս  երէկ  Երեւան  ժամանեց  Շարլ  Ազնաւուրը

Երէկ Երեւան ժամանեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ եւ ՀՀ դեսպան Շարլ Ազնաւուրը՝ շարժապատկերի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնին մասնակցելու նպատակով:

Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը տեղի կ'ունենայ Յուլիս 7-ի երեկոյեան՝ Երեւանի Ազնաւուրի անունը կրող հրապարակէն, ուր պիտի տեղադրուի նաեւ իր աստղը։ Այդ արարողութենէն անմիջապէս ետք, «Մոսկուա» շարժապատկերի թատրոնէն ներս կը սկսի փառատօնը՝ 1960 թուականին նկարահանուած «Կրակել դաշնակահարի վրայ» ֆիլմով, որու գլխաւոր դերակատարը ինք՝ Շարլ Ազնաւուրն է։ Շարլ Ազնաւուր իջեւանած է «Գոլտըն Թուլիփ» հիւրանոցը, ուր աւանդաբար կը հիւրասիրուին փառատօնի հիւրերը:

Բացի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանէն, օդանաւակայանին մէջ Ազնաւուրին դիմաւորեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը