Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Միջազգային ճգնաժամային խումբը (Ինթըրնեշընըլ քրայսիս կրուփ) Յունիսի իր զեկոյցին մէջ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը վատթարացած է:

Զեկոյցին համաձայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ, ու կը շարունակուի սպառազինութիւններու մրցավազքը:

«Յունիս 19ին Ատրպէյճան յայտարարեց Ռուսիայէն 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութիւններու ձեռքբերման մասին: Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը ռազմական մեծ շքերթ կազմակերպած էր՝ յայտարարելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է վերադարձնելու բոլոր կորսնցուցած տարածքները, ինչպէս նաեւ հայկական հողերը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան չհաստատուած աղբիւրը՝ ի պատասխան ըսաւ, որ երկիրի հրթիռային զօրքերը ի վիճակի են հարուածելու որեւէ թիրախ Ատրպէյճանի մէջ: Ընդ որում, պարզ չէ, թէ խօսքը հայկական զինուած ուժերո՞ւն, թէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական հրթիռներուն մասին է:

«Մեդիամաքս» կը հաղորդէ թէ մի քանի օր առաջ Երեւան ժամանած Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Պատրուշեւը, ռազմական սարքաւորումներու առնչութեամբ համագործակցութեան զարգացման պայմանագիր ստորագրեց», նշուած է զեկոյցին մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած է, որ հակամարտութիւններու գծով ԵԱՀԿ յատուկ ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնած էր այն մասին, որ Երեւանի եւ Ղարաբաղի միջեւ կանոնաւոր օդային թռիչքներու սկսելու Հայաստանի ձգտումը կրնայ Ատրպէյճանի կողմէ արձագանգի արժանանալ։ Ան նաեւ նշած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները չեն ուզած հանդիպում կայացնել՝ առկայ լարուածութիւնը մեղմելու նպատակով:

 

Փենթակոն. ԱՄՆն Կը Հաւատայ Արցախի Հարցի Խաղաղ Կարգաւորման Կարելիութեան

 Պաքուի մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցի շուրջ խօսելով՝ «Ուաշինկթըն կը հաւատայ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելիութեան» ըսած է Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարարի օգնական Էվելին Ֆարքսը: «Ես Ատրպէյճան եկած եմ անվտանգութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան եւ կապերու վերաբերեալ հարցեր քննարկելու», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է ան, ըստ 1news.az-ի: Ֆարքս ընդգծած է Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ առկայութիւնը սերտ կապերու, որոնք «օրէ օր կ՛ընդարձակուին»:

Փենթակոնի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: