Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան քննարկում հրաւիրեց, պիւտճէի միջոցներու արդիւնաւէտ կառավարման, իրականացուող պետական ծրագիրներու նկատմամբ վերահսկողութեան ուժեղացման եւ փտածութեան վտանգներու նուազեցման միտուած հարցերու շուրջ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշակի նկատողութիւններ եւ դիտարկումներ ներկայացուց վարչապետին, ընդհանուր դատախազին եւ Վերահսկիչ պալատի նախագահին:

Ան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ.

«Պարո՛ն վարչապետ, ես տեսայ, որ դուք արդէն յանձնարարել էք բոլոր գերատեսչութիւնների պատասխանատուներին՝ հատ առ հատ քննարկել եւ անդրադառնալ նշուած հարցերին: Իմ յորդորն է, արա՛գ արէք դա, արէ՛ք բաց, թափանցիկ: Մենք որեւէ փաստից վախենալու կամ մտահոգուելու առիթ չունենք: Այս խնդիրները՝ լինեն դրանք կառուցուածքային, լինեն դրանք քրէական բնոյթի կամ որեւէ այլ, պէտք է լուծուեն եւ պէտք է լուծուեն արագ: Կա՞ն խնդիրներ, որտեղ գերատեսչութիւնների ղեկավարները կամ կառավարութիւնը դժուարանում են կողմնորոշուել՝ սա քրէակա՞ն բնոյթի է, թէ՞ զուտ կազմակերպչական, արագ ուղարկէք համապատասխան մարմիններ: Դա կը լինի ձեր ամենաճիշդ, ամենալաւ պատասխանը հնչող քննադատութիւններին»:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ անդրադարձաւ Վերահսկիչ պալատի աղմըկայարոյց հաշուետուութեան եւ շարք մը դիտողութիւններ ուղղեց Վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանին՝ անոր յորդորելով զերծ մնալ գնահատականներ հնչեցնելէ:

«Պարո՛ն Զաքարեան, ես ունեմ մի քանի դիտարկումներ: Նախ, աշխատանքի թափը պէտք չէ գցել անկախ որեւէ քննարկումներից: Բոլորը պիտի զգան Վերահսկիչ պալատի տեսանելի կամ նոյնիսկ անտեսանելի ներկայութիւնը: Երկրորդ, պալատը պէտք է սկզբունքային լինի բոլոր ծրագրերի նկատմամբ եւ հաւասարապէս առարկայական լինի բոլոր դէպքերում: Չափազանց կարեւոր է, որ թերութիւնները յայտնաբերուեն ոչ թէ 1, 2, 3 տարի յետոյ, այլ ընթացքում: Սա բնական, կանխարգելիչ գործողութիւն է, որ պէտք է իրականացնել եւ դա շատ աւելի արդիւնաւէտ կը լինի: Եւ վերջապէս, քանի որ մենք աշխատում ենք բաց, հրապարակային դաշտում, պիտի կարողանանք առաւել հաւասարակշիռ լինել մեր արտայայտութիւններում եւ որակումներում, որպէսզի չվնասենք մեր գործառոյթից դուրս այլ գործընթացներին, որպէսզի աւելորդ ընկալումներ չլինեն հասարակութիւնում: Պալատի գործը խնդիրները վեր հանելն է՝ դրանք առաջ բերող բոլոր կառուցուածքային, կանոնակարգային եւ մարդկային գործօնների հետ միասին»:

«Ես ընդհանրապէս Վերահսկիչ պալատի գործունէութիւնը պատկերացնում եմ որպէս ուժեղ հաշուապահական ընկերութեան գործունէութիւն: Ցաւօք սրտի, շատ դէպքերում մեր Վերահսկիչ պալատը վեր է ածուել տեսչական մարմնի, վեր է ածուել պարզ ռեւիզորի: Եւ եթէ նայենք հաշուետուութիւնները եւ ստուգումների արդիւնքները, անմիջապէս կը տեսնենք՝ խօսքը զուտ միայն ֆինանսական խախտումների մասին է: Վերջը եթէ այդպէս է, մենք ինչի՞ ենք Վերահսկիչ պալատ ստեղծել: Եթէ Վերահսկիչ պալատը կատարելու է նոյն աշխատանքը, ինչ կատարում է ելեւմուտքի նախարարութեան վերստուգիչ, վերահսկող վարչութիւնը, ապա էլ ինչո՞ւ ենք ստեղծել, ինչո՞ւ ենք անունը դրել անկախ մարմին, ինչո՞ւ ենք մեր երկրում ամենաբարձր աշխատավարձը վճարում», նշեց նախագահ Սարգսեան՝ յորդորելով լրջօրէն զբաղիլ Վերահսկիչ պալատի գործունէութեան վերակառուցումով: 

 

Աբրահամեան կ՛անդրադառնայ

նախագահ Սարգսեանի կատարած քննարկումին 

Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Ազգային ժողովին մէջ քանի մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կատարած քննարկման:

Ան յայտնեց, որ ինք հրաւիրուած էր այդ քննարկման, սակայն չմասնակցեցաւ անոր՝ երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով: Աբրահամեան յայտարարեց, որ միշտ համամիտ է նախագահի գնահատականին հետ, յետոյ անդրադարձաւ  Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան վերաբերեալ Ազգային ժողովին մէջ իր ելոյթին:

«Ես յայտնած եմ իմ կարծիքս, իմ տպաւորութիւնս՝ հաշուետուութեան ներկայացման հոլովոյթին վերաբերեալ: Իմ խօսքս բաղկացած էր երկու մասերէ՝ տպաւորութիւն հաշուետուութեան մասին եւ գնահատական հաշուետուութենէն ետք: Պէտք է թէ՛ առաջին խօսքս նայիք, թէ՛ երկրորդը: Մենք հաշուետուութիւնը ուղարկած ենք ընդհանուր դատախազութեան, որ պիտի քննէ եւ տայ իր եզրակացութիւնը եւ ապա մենք որոշում պիտի տանք», յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահը: Ան անգամ մը եւս կոչ ուղղեց ուշադիր կարդալու իր խօսքերը, ուր շատ յստակ տրուած են գնահատականներ եւ ներկայացուած են միասին արդիւնաւէտ աշխատելու առաջարկներ:

Անդրադառնալով լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկման, որ իրեն դժուար օրեր կը սպասեն, քանի որ յառաջիկային նախագահը Ազգային ժողովի մեծամասնութեան հետ խորհրդակցութիւն կը նախատեսէ, Աբրահամեան պատասխանեց, որ ինք համաձայն չէ այդ գնահատականին հետ եւ նշեց, որ անոր վերաբերեալ չի ցանկար կարծիք յայտնել եւ խորհուրդ տուաւ սպասել:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն դիտարկման, թէ արդեօք ի՞նքն ալ կը կարծէ, որ Վերահսկիչ պալատի նախագահին գլխուն սեւ ամպեր կուտակուած են եւ ան պիտի չշարունակէ երկրորդ ժամկէտով պաշտօնավարել, Աբրահամեան արձագանգեց, որ ինք իրաւունք չունի կարծիքներով ուղղորդուելու: Ան յորդորեց մե- ղաւորներ կամ այլ հարցեր չփնտռել: Ըստ անոր՝ պէտք է այնպէս ընել, որ պիւտճէի գումարները արդիւնաւէտ ձեւով ծախսուին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցութենէն ետք կրկին աշխուժացած են իշխանութեան ներքեւ տարբեր թեւերու գոյութեան մասին խօսակցութիւները: Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ այդ խօսակցութիւն- ներուն, մասնաւորաբար՝ «իր եւ վարչապետի թեւերուն մասին»:

Ան յայտարարեց, որ այսպիսի թեւեր գոյութիւն չունին իրենց կուսակցութեան, իրենց խումբին մէջ: