Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Մարտակերտ եւ մասնակցեցաւ քաղաքի ազատագրման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշեց, որ Մարտակերտի ազատագրումը մեծ տօն է մեր ամբողջ ժողովուրդին համար, եւ ատիկա իրականութիւն դարձուցած են հայ  ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները, որոնց սխրանքը միշտ օրինակ պիտի հանդիսանայ սերունդներուն համար:
Նախագահ Սահակեան «Մարտական ծառայութիւն» մետալը  յանձնեց խումբ մը ազատամարտիկներու: