Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունաստանի մէջ անցեալ Սեպտեմբերին ցուցադրուած բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մօրս դաջուածքները» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Երկուշաբթի 1 Յուլիսին:

Ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի կողմէ, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ներկայիս Երեւան գտնուող շարժանկարի հեղինակ` Սիւզան Խարտալեանը: Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում եւ հանդիսատեսներու հարցումներուն պիտի պատասխանէ բեմադրիչը: