Հայաստանի Բանակը Կը Համալրուի Ատրպէյճանականին
Որակապէս Գերազանցող Սպառազինութիւններով
ՀԱՊԿ ծիրէն ներս ընդունուած է միացեալ, հաւաքական ռազմաօդային ուժեր ստեղծելու մասին որոշում:
Ըստ panorama.am-ի՝ երէկ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան յայտնած է, որ փաստաթուղթերը արդէն ստորագրուած են եւ կը գործէ աշխատանքային ժամանակացոյց, որուն ընթացքին այդ ուժերը պէտք է ձեւաւորուին: «Դա վերաբերում է ՀԱՊԿ-ի թէ Կովկասեան տարածաջրջանին, թէ միւս տարածաշրջաններին, որովհետեւ աւիացիոն բաղադրիչը չափազանց կարեւոր է: Բացի այդ այսօր քննարկւում են նաեւ Գիւմրու աւիացիոն պազայի հետագայ արդիականացման խնդիրները՝ Ռուսաստանի «Ռուսական ուղղաթիռներ» ընկերութեան հետ համատեղ»,- ըսած է ան:
ՀՀ ԱԱԽ քարտուղարը նշած է, որ Հայաստանի օդուժը պիտի ընդլայնուի: «Ընդլայնուելու է ոչ միայն օդուժն, այլեւ ընդհանրապէս ռազմաօդային պաշտպանութեան համակարգն արդիականացուելու ու վերազինուելու է: Վերազինուելու է 102-րդ ռուսական ռազմակայանը, ռուսական սահմանապահ ստորաբաժանումները եւ 2014թ.-ը վէազինման առումով շատ կարեւոր տարի է լինելու»,- շեշտած է Պաղտասարեան:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա իր հերթին նշած է, որ հաւաքական օդային ուժերը պիտի կազմաւորուին ՀԱՊԿ անդամ բոլոր երկիրներէն տրամադրուած ստորաբաժանումներով: «Անոնք առաջին հերթին պիտի ըլլան զինուած ուժերու տեղափոխման համար, եթէ այս կամ այն տարածաշրջանի մէջ գործողութիւն իրականացնելու կարիք ըլլայ: Երկրորդ՝ ապահովելու օդային պաշտպանութիւնը բոլոր այն գործողութիւններու ժամանակ, որոնք պիտի իրականացնեն ՀԱՊԿ հաւաքական ուժերը: Այս պատճառով հաւաքական օդային ուժերը պիտի նպաստեն ազգային Զինուած ուժերու գործունէութեան՝ երկիրներու ինքնորոշման կամ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու խախտման պարագային»,- եզրափակած է Նիքոլայ Պորտիւժա:
Ատրպէյճանականին Որակապէս Գերազանցող Սպառազինութիւններ
«Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերի կողմից ձեռք բերուող զինտեխնիկան որակապէս գերազանցում է Ադրբեջանի կողմից գնուող տեխնիկային», այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը: «Մենք մեր տրամադրութեան տակ ունենք բաւարար զինտեխնիկա՝ հակադարձելու հակառակորդի ցանկացած ոտնձգութեան: Բացի դրանից, Հայաստանի զինուած ուժերը համալրւում են նորագոյն սպառազինութիւններով եւ ռազմական տեխնիկայով, որոնք որակական յատկանիշերով գերազանցում են ադրբեջանական սպառազինութիւններին», յայտնած է ան։ Ան նշած է, որ հակառակորդին սպառազինումը կրնայ մտահոգիչ տարրեր ունենալ, սակայն այս հարցը արդէն լուսարձակի տակ է: Բաղդասարեան դիտել տուած է, որ հայ-ռուսական ռազմական գործակցութիւնն ու զէնքի մատակարարումը անխափան կերպով կը շարունակուին, եւ ապագային եւս պիտի շարունակուի Հայաստանի Զինուած ուժերու համալրումը նորագոյն սպառազինութիւններով ու սարքաւորումներով։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան նշած է, որ Հայաստանի ազգային պաշտպանական համակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ առնուող քայլերն ու այս գծով ՀԱՊԿի ջանքերը կը վկայեն, որ ներկայիս ստեղծուած եռաստիճան համակարգը՝ ազգային, հայ-ռուսական եւ ՀԱՊԿի վեց երկիրներու մակարդակներով, թոյլ կու տայ խօսիլ Հայաստանի անվտանգութեան բաւական բարձր աստիճանի մասին եւ վստահութեամբ նայիլ ապագային ու լծուիլ երկրի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման։