Print
Category: Հայաստան-Արցախ

26-27 Յունիսին Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի ձեւաւորման քաղաքական-անվտանգային ուղենիշները» նիւթով երկրորդ ռազմավարական քաղաքական հաւաքը:

Կազմակերպիչներն են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Դրաստամատ Կանայեանի անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկը, Հաւաքական

անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան քարտուղարութիւնը եւ «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հիմնարկ» ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը: 

Հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա (աջին), Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գիտափորձագիտական խորհուրդի անդամներ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան զինուորական բաղադրիչի ձեւաւորման մարզի փորձագէտներ Հայաստանէն, Խըրխըզիստանէն, Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինի ներկայացուցիչներ:

ՀԱՊԿի ֆորումին զուգահեռ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Դրաստամատ Կանայեանի անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկը դարձաւ ՀԱՊԿ վերլուծական կազմակերպութեան անդամ: Անդամակցութեան յուշագիրը ստորագրուեցաւ «ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի ձեւաւորման քաղաքական- անվըտանգային ուղենիշները» նիւթով կայացած երկրորդ ռազմավարական քաղաքական ֆորումի ընթացքին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիւժայի համաձայնութեամբ: ՀԱՊԿ վերլուծական կազմակերպութիւնը կը մշակէ կառոյցի անդամ երկիրներու միացեալ տեղեկատուութեան քաղաքականութիւնը: Անիկա կը զբաղի նաեւ գործարար կապերու հաստատումով, տեղեկատուութեան փոխանակմամբ՝ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով:

Ֆորումին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիւժան, ՀՀ ԱԱԽ քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը, Հայաստանի փոխ արտգործնախարար Շաւարշ Քոչարեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ: Ողջոյնի ուղերձ յղած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: «ՀԱՊԿ ռազմական բաղադրիչի պլանային զարգացումն ու կատարելագործումն, անկասկած, կը նպաստի Կազմակերպութեան պատասխանատուութեան ներքոյ գտնուող շրջանում կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովմանը», նշած է նախագահը: