ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան դարձած է Համաեւրոպական ակադեմիաներու (ALLEA) անդամ:
ԳԱԱի տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնէն յայտնած են, որ այս կազմակերպութեան անդամակցիլը հայ գիտնականներուն համար նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ՝ գիտական փոխանակման, միջազգային հեռանկարային ծրագիրներու մէջ ընդգրկուելու առումով:
Նշենք, որ Համաեւրոպական ակադեմիաներու համախմբումը հիմնադրուած է 1994 թուականին: Անիկա գիտութիւններու ազգային ակադեմիաներու համախորհուրդ է, որ կը միաւորէ 40 եւրոպական երկիր: