Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕի կեդրոնակայան այցելեց ՀՀ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանի:
Քննարկուեցաւ ՀՀ-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի (ԱԳԳԾ) 2012-2013ի գնահատման զեկոյցը:
Ա. Յովակիմեան անդրադարձաւ ՀՀ-ՆԱԹՕ քաղաքական երկխօսութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի զարգացումներուն: