Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԽԽՎի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու հանդիպում

Ստրազպուրի մէջ վաղը 26 Յունիսին, կը կայանայ Եւրախորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի հանդիպումը, որու ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու հանդիպում, ուր

ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ վեհաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Մինիոնը: Օրակարգը՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման քննարկում:

Արդէն ընթացքի մէջ է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհըրդարանական վեհաժողովի ամառնային նըստաշրջանը, որու նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը կը վարէ Հայաստանը: Aravot.am կը փոխանցէ՝ որ ԵԽԽՎ-ի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է փաստաթուղթ մը, ուր տեղ գտած են ոչ հաճելի արտայայտութիւններ Հայաստանի հասցէին:

Այս փաստաթուղթին տակ ստորագրած են 31 պատգամաւորներ, որոնք կոչ կÿուղղեն ճնշում գործադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերացնեն, իրենց բնութագրումով՝ «ագրեսոր պետութեան» դիրքորոշումը ...:

ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան յայտնեց, որ այս փաստաթուղթը ստորագրած պատգամաւորները շատ ծանօթ են իրենց ատրպէյճանամէտ կեցուածքով: