Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համաձայն վիճակագրական պաշտօնական տուեալներու՝ ընթացիկ 2013 թուականի առաջին չորս ամիսներուն օդային ճանապարհով Հայաստանէն մեկնողներու թիւը 15 հազարով կը գերազանցէ անցեալ տարուան նոյն ամիսներուն ճամբորդածներու քանակը։

 Ասոնց պէտք է գումարել նաեւ տուեալ ժամանակամիջոցին ցամաքի ճամբով երկրէն հեռացած քաղաքացիները, որոնք եւս նկատառելի թիւ կը կազմեն։

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Երեւանի բնակչութեան 46 տոկոսը կ՛ուզէ հեռանալ Հայաստանէն: Նման փափաք ունի տղամարդոց ուղիղ կէսը, կիներուն՝ 42, երիտասարդներուն՝ 52, տարեցներուն՝ 40 տոկոսը:

Բնականաբար, բոլոր փափաքողները չեն մեկնիր, բայց իրականութիւն է այն, որ բնակչութեան կէսը իր ապագան Հայաստանին չի կապեր:

«Հայկական սոցիոլոգիական ասոցիացիա»ի նախաձեռնութեամբ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքն է վերոնշեալը։ Երեւանի հազար բնակիչներ պատասխանած են միութեան հարցումներուն: Որպէս մեկնելու հիմնական պատճառ, քաղաքացիները նշած են աշխատանքի, հեռանկարի, արդարութեան եւ ապրուստի բացակայութիւնը:

«ՄԱԿի տուեալներով, աշխարհում մօտ 250 միլիոն միգրանտ կայ: 7 միլիառի համար դա կազմում է 3 տոկոս: Հայաստանում 30 տոկոս է: Մեր 3 միլիոնից մօտ մէկ միլիոնը մեկնել է: Սա միգրացիա չէ, սա բնաթափման երեւոյթ է», յայտնած է միութեան նախագահ Գէորգ Պօղոսեանը:

Հարցախոյզին մասնակցողներուն 52 տոկոսէն աւելին կը փափաքին, որ գոնէ իրենց երեխաները ապրին արտասահմանի մէջ: Մամուլի ազգային ակումբին մէջ այս նիւթով կազմակերպուած քըննարկման ընթացքին հասարակական, քաղաքական գործիչները անդրադարձած են արտագաղթին՝ փաստելով, որ երկիրը աստիճանաբար կը դատարկուի, եւ այն իրականութիւնը, որ այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով, երկրէն հեռացողներուն թիւը աւելցած է 10 հազարով, արդէն տագնապալի է: Բանախօսները նշած են, որ արտագաղթը միայն ընկերային դրդապատճառներ չունի. քաղաքական գործընթացները շատ աւելի հզօր են:

Նշենք, որ քննարկման մասնակցած են միայն ընդդիմադիր գործիչները, իսկ կառավարութիւնը չէ ընդառաջած հրաւէրին: