Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ժընեւի մէջ աւարտեց իր աշխատանքները գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան կողմէ գումարուած խորհրդաժողովը, որ նուիրուած էր «Գաղթականութեան շուրջ միջազգային երկխօսութեան» նիւթին:

Այս ծիրէն ներս, խորհրդաժողովին մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ինչպէս հաղորդած էինք մեր նախորդ թիւերով: Համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 60 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Ուիլիըմ Լէյսի Սուինկ բացման խօսքին մէջ ողջունեց մասնակիցները եւ կարեւոր նկատեց նախարարական առաջին համաժողովի գումարումը այսպիսի մակարդակի վրայ, սփիւռք ունեցող երկիրներու միջեւ փորձառութեան փոխանակումը եւ երկխօսութեան ձեւաւորումն ու յարաբերութիւններու զարգացումը:

Համաժողովի ընթացքին քննարկումներ ծաւալեցան 3 հիմնական ուղղութիւններով՝ «սփիւռքները եւ հասարակութիւնները», «սփիւռքները եւ պետութիւնները», «սփիւռքները եւ զարգացումը»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ելոյթ ունեցաւ «Սփիւռքները եւ պետութիւնները» քննարկման ընթացքին:

Նախարարին՝ ՄԱԿ-ի կողմէ սփիւռքի հարցերով զբաղող աշխատանքային խումբ ստեղծելու վերաբերեալ առաջարկը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց մասնակիցներուն մօտ, որոնք ալ առաջարկեցին մշակել նախագիծը՝ հետագային ատիկա ՄԱԿ-ին ներկայացնելու ակնկալիքով:

Համաժողովին մասնակցող թրքական պատուիրակութիւնը նախարարին ելոյթէն անմիջապէս ետք փորձեց պատասխանել՝ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան փաստի պատմական իրողութեան ուսումնասիրման անհրաժեշտութեան՝ յիշեցնելով 2009 թուականին ստորագրուած արձանագրութիւններուն մասին: Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի պատուիրակութեան անունով հակադարձեց թրքական պատուիրակութեան՝ նշելով, թէ ուրախ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը սրահին մէջ իր հասցէատէրը գտաւ: Ան կրկին անգամ շեշտեց, որ հայկական սփիւռքը Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք է եւ կը կարծէ, որ Թուրքիոյ պատուիրակը այս հարցին մէջ որեւէ կասկած չունի, եւ պիտի գայ օր մը, երբ Հայոց ցեղապանութիւնը ի վերջոյ պիտի ճանչցուի: