Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա ջնջած է Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարելիք իր աշխատանքային այցը», գրած են ուքրանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալները:

Յիշեցնենք, որ ներկայիս Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) նախագահի պաշտօնը ստանձնած Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ (հակամարտութիւններու հարցերով) Անտրէյ Տեշիցա Յունիս 12ին յայտարարած էր, որ Քոժարա յաջորդ շաբթուան ընթացքին (այսինքն՝ այս շաբաթ) պիտի այցելէ հարաւային կովկասեան երկիրներ՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան, տարածաշրջանի հակամարտութիւնները քննարկելու նպատակով:

Այցելութիւնը ջնջելու պատճառը չէ նշուած Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախա-րարութեան յայտարարութեան մէջ, սակայն ուքրանական թերթեր նշած են, թէ պատճառը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ արձակուրդի մեկնած ըլլալն է: Նախատեսուած էր Քոժարայի կողմէ քննարկումը Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿի գրասենեակի գործունէութեան առընչուող հարցերու, ինչպէս եւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ շուրջ ռուս-վրացական լարուածութեան հարցը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Սարգսեան Յունիս 12ին կարճատեւ արձակուրդի մեկնած է:

«Kommersant.ua» կայքը աւելցուցած է, թէ Քոժարա Վրաստան պիտի այցելէ Յունիս 18ին:

Ուքրանիա ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնած էր այս տարուան Յունուարին՝ յայտարարելով, որ իր նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը ԵԱՀԿի տարածաշրջանի հակամարտութիւններու կարգաւորումն է: