Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունիս 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու՝ Հայաստան ճանաչողական այցելութիւններու «Արի տուն» ծրագրի 2013թ առաջին փուլի բացումը:

«Արի տուն» ծրագրին մասնակցելու առիթով Հայրենիք հիւրընկալուած սփիւռքահայ երիտասարդներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ջիլաւեանը: Ան յոյս յայտնեց, որ երկու շաբաթուայ ընթացքին երիտասարդները կը ճանչնան հայրենիքը եւ իրենց բնակութեան երկիրները կը վերադառնան հայրենիքի հետ կապւած հաճելի յիշողութիւններով ու զգացողութիւններով, Հայաստանի ու հայ մշակոյթի մասին նոր տեղեկութիւններով ու գիտելիքներով:

Ծրագիրը երիտասարդներուն ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագրերու վարչութեան գիտակրթական ծրագրերու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեանը:

Ծրագրի այս փուլին սփիւռքահայ երիտասարդներուն հիւրընկալած են Երեւանի վարչական շրջանները, ինչպէս նաեւ երեւանամերձ Կոտայքի, Արարատի մարզերու, Եղվարդ, Բիւրեղաւան, Մասիս համայնքները:

Սփիւռքահայ երիտասարդներուն ողջունեցին եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Լոս Անճելըսի «Նարեկ» կրթամշակութային հաստատութեան վարժարանի տնօրէն Ռիմա Սարեանը, վարչական շրջաններու եւ հիւրընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչներ:

«Արի տուն» ծրագիրը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիս 16-էն Օգոստոս 31-ը՝ 8 փուլով: Այս տարի ծրագրի մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուին հայոց լեզուի արագացած դասընթացներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Ստ. Շահումեանի անուան դպրոցը: Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս ծրագիրը ունի 4-օրեայ ճամբարային ծրագիր Աղաւնաձորի մէջ: Ճամբարային օրերուն տեղի կþունենայ աշխուժ հանգստի, ժամանցի եւ ճանաչողական միջոցառումներու ծրագիր, հանդիպումներ տեղի կþունենան պե- տական մարդոց հետ, մշակոյթի անուանի գործիչներու հետ, կը կազմակեր- պուին ազգային երգի ու պարի, հայրենագիտութեան դասեր, մարզումներ, մարզական այլ միջոցառումներ:

«Արի տուն» ծրագրի 2013թ առաջին փուլին կը մասնակցի շուրջ 90 երիտասարդ՝ աշխարհի 10 երկիրներէ։