Ֆրանսա այցելած Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ ու քննարկած անոր գործունէութեան ուղղութիւնները եւ բնագաւառները:
ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը
Եւրոխորհրդարանի Արցախի հետ բարեկամութեան
խմբակցութեան նախագահ Էլէնի Թէոխարուսի հետ
Մասնաւորապէս, ան-դրադարձ կատարուած է քաղաքական, կրթական, մշակութային մար-զերու մէջ Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ հնարաւորութիւններուն:
ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ներկայ խորհրդարանականները ընդգծած են միջազգային գործընթացներու մէջ ԼՂՀ ընդգրկման կարեւորու-թիւնը, որպէս հիմնահարցի կարգաւորման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորագոյն գործօն: Նոյն օրը, նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսական քաղաքագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ:
«Պետականաշինութիւնը միջազգային ճանաչման բացակայութեան պայմաններուն մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի օրինակը» խորագրեալ հանդիպման ընթացքին, նախարարը խօսած է Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, խնդիրներուն եւ ձեռքբերումներուն մասին: Կարէն Միրզոյեան նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն:
Նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ եւ հարցա- զրոյցներ տուած է ֆրանսական լրատուամիջոցներու, որոնց շարքին՝ «France 24» պատկերասփիւռի կայանին:
Նախարարին ընկերացած են Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Վիգէն Չիտեճեանը, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Յովհաննէս Գէորգեանը եւ Հայաստանի դեսպանորդ՝ Վահագն Աթաբէկեանը։