Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ստեփանակերտը կը զարգանայ արագօրէն: Այդ մասին «Էխօ Մոսկուի» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարեց Ստեփանակերտի քաղաքապետ Վազգէն Միքայէլեանը: «Մենք պէտք է կեանքի նորմալ, յարմարաւէտ պայմաններ ապահովենք քաղաքի բնակիչների համար:

Առաջին հերթին դա հաղորդակցութիւններն են ու կապը»,-ըսաւ Միքայէլեանը: Ան յայտնեց նաեւ, որ 2012թ. ամբողջութեամբ կÿաւարտի քաղաքի շուրջօրեայ ջրամատակարարման ապահովման ծրագիրը, որմէ քաղաքը զուրկ է վերջին 80 տարիներու ընթացքին:

Պատասխանելով քաղաքէն արտագաղթի մասին հարցին՝ Վազգէն Միքայէլեանը ըսաւ, որ արտահոսք չկայ, հակառակը, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն բազմաթիւ մարդիկ, մասնաւորապէս երիտասարդներ՝ Ստեփանակերտ կը վերադառնան:

«Ստեփանակերտի օդանաւակայանը կը համապատասխանէ բոլոր միջազգային չափանիշներուն»

Անդրադառնալով Արցախի հանրապետութեան մէջ կառուցուող օդանաւակայանին, քաղաքապետը նշեց որ պիտի համապատասխանէ բոլոր միջազգային չափանիշներուն եւ անվտանգութեան պայմաններուն: «Ստեփանակերտ քաղաքի օդանաւակայանը նորութիւն չէ, որովհետեւ այն գործել է դեռ եւս 80-ական թուականներուն: Այն կը վերազինուի, եւ շինարարական աշխատանքների աւարտից յետոյ գործելու է այնպէս, ինչպէս գործել է նախկինում:

Այսինքն` ներքին թռիչքներ է իրականացնելու, օրինակ` Ստեփանակերտ-Երեւան: Եւ դա չի հակասում ոչ մի նորմի»:

Միքայէլեանը նշեց, որ կը ձեռնարկուին բոլոր միջոցները, որպէսզի օդանաւակայանը կանոնաւոր ձեւով գործէ: