Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Իրանի դեսպանը Հայաստանի մէջ՝ Մուհամէտ Ռէիսի, նախանցեալ օր լրագրողներու հետ իր հանդիպումին, պատասխանելով հարցումին, թէ ռուսական կազի գիներուն բարձրացումի ներկայ պայմաններուն մէջ՝ արդեօք կարելի՞ է աւելցնել Հայաստան ներածուող իրանական կազին քանակը,

պատասխանած է, թէ իր երկիրը պատրաստ է կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցիլ Հայաստանին՝ կազի մատակարարումի հարցին մէջ:

Իրանցի դիւանագէտը աւելցուցած է, որ Հայաստան պէտք է որոշէ, թէ կ'ուզէ՞ օգտագործել իրանական կազը որպէս այլընտրանք, թէ՝ ոչ, յիշեցնելով, որ կազի խողովակաշարի կառուցման եւ Հայաստան կազ ներածելու համաձայնութիւնը կնքուած է «կազ՝ ելեկտրականութեան դէմ» նախապայմանով: Ռէիսի դիտել տուած է, որ վերը նշուած համաձայնագրին նպատակը եղած է հայկական կողմին աջակցութիւն ցոյց տալը: