Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ եւ կրնայ որեւէ ժամանակ պայթիլ, մասնաւորապէս՝ տարածաշրջանին հետ օդային կապ հաստատելու Արցախի մտադրութեան պատճառով.

Չորեքշաբթի, Յունիս 12ին, Քիեւի մէջ այսպէս յայտարարած է սառեցուած հակամարտութիւններու հարցերով ԵԱՀԿի յատուկ ներկայացուցիչ Անտրէյ Տեշիցիա:

Ըստ ներկայացուցիչին՝ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնած Ուքրանիան ջանքեր ի գործ կը դնէ, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը ամենականուխ առիթով կայանայ, նպաստելու համար տագնապի խաղաղ լուծման:

Միաժամանակ, Տիշիցիա մատնանշած է տարածաշրջանին մէջ առկայութիւնը քանի մը կայունացուցիչ գործօններու, որոնց շարքին դասած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերը: «Ռուսիա կը փափաքի Կովկասը խաղաղ ու ապահով պահել», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա կառուցողական դեր կը խաղայ տարածաշրջանին մէջ ապահովութիւնը երաշխաւորելու գործին մէջ: