Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Շարժանկարի երեւանեան «Ոսկէ Ծիրան» տարեկան փառատօնը, որ կը կազմակերպուի 2004էն ի վեր, այս տարի տեղի կ'ունենայ Յուլիս 7էն-14:

Ձեռնարկին միջազգային բաժնի ղեկավար Տաթեւիկ Մանուկեան յայտնած է, թէ այս տարուան բացումը կը կատարէ 1960ին նկարահանուած ֆրանսական «Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ» ժապաւէնը:

Այս ժապաւէնին մէջ գլխաւոր դերը կը խաղայ աշխարհահառչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր: Բացի այս մէկէն, Ազնաւուրի մասնակցութեամբ երկու ժապաւէն եւս կը ցուցադրուի փառատօնի ծիրէն ներս:

«Ոսկէ ծիրան»ի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան յայտնած է, որ «Յարգանքի տուրք» աւանդական ծրագիրին մէջ նախատեսուած են յոբելինական ձեռնարկներ՝ նուիրուած տաղանդաւոր յօրինող Արամ Խաչատրեանի 110ամեակին, շարժանկարի բեմադիր եւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ներսէս Յովհաննիսեանի 75ամեակին, ինչպէս նաեւ բեմադիր-վաւերագիր Արտաւազդ Փէլէշեանի 75ամեակին: