Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Բոլոր անոնք, որոնք տեսած են Սիրուշոյի «ՊռեԳոմեշ» երգի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը, հիացմունքով կը խօսին երգչուհիի գեղեցիկ զարդերու մասին:

Քիչեր գիտեն սակայն, թէ այդ զարդերը կը պատկանին հայկական աւանդութիւնները պաշտպանող Լուսիկ Ագուլեցիին, որ հետեւեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւնները կը փոխանցէ զարդերու մասին:

Հայրենի հեռատեսիլի կայաններուն հաղորդած իր հարցազրոյցներուն ընդմէջէն Լուսիկ Աքուլեցի բացատրած է թէ իւրաքանչիւր զարդ իր ճիշդ տեղը գործածուած է՝ քունքազարդ, ճակատնոց, վըզնոց, հայուհիի հպարտ ու հարազատ կերպրը փոխանցելով:

Լուսիկ Աքուլեցի կը նշէ, թէ զարդերը իր անձնական հաւաքածոյի մաս կը կազմեն, ու կը թուագրուին 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին: Զարդերու հիմնական մասը բերուած է Արեւմտեան Հայաս- տանէն:

Կան այլ զարդեր եւս, որ Սիրուշոն չօգտագործեց: Մէկը՝ լուսնի եռանկիւն խորհրդանիշ զարդ  մըն էր, որը շատ ծանր էր (լուսինը կինն է որ կը խորհրդանշէ, մինչ եռանկիւնը՝ տիեզերքը):

Ինչպէս յայտնի է Սիրուշոն յատուկ կերպով կը ցուցադրէ ձեռքի զարդերը, որ իւրայատուկ իմաստ ունին: Ձեռքի երեսին վրայ գըտնուող զարդը թռչնազարդ մըն է, որը թուխսի պատկեր է: Այդ մայրութեան խորհրդանիշն է: Իսկ դաստակին վրայ կրող բաժինը երկնային մարմիններ են, ինչպէս նաեւ կան կողպեքի, բանալիի, կակաչի միջուկ պատկերող զարդեր, որոնք բերանը փակ պահելու խորհրդանիշեր են:

Այս զարդերը անցեալին կը կրէին երիտասարդ կիները յատկապէս, որպէս պտղաբերութեան նշան:

Ինչ կը վերաբերի մատանիներուն՝ ամէն մէկ գաւառի մէջ տարբեր մատանի կար: Կային վայրեր, ուր չամուսնացած աղջիկներուն արգիլուած էր մատանի կրել, մինչ այլ տեղերու մէջ արտօնուած էր մատանին, սակայն միայն միջնամատին վրայ անցուած:

Ամուսնացած կիները մատանին կ'անցնէին մատնեմատին, իսկ մեծ մայրերը՝ ճկոյթին: Երբ կինը պատկառելի տարիքի կը հասնէր եւ այլեւս տան մեծը կը համարուէր տասը մատներուն տարբեր մատանիներ կը կրէր: Այս աւելի շատ կարգավիճակի հարց էր: