Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի աւագանիի երէկուան նիստին ընթացքին կայացաւ մայրաքաղաքի վերընտրուած քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը: Նիստին ներկայ էին աւագանիի 59 անդամները, բացի «Բարեւ Երեւան» դաշինքի ներկայացուցիչներէն:
Հանդիսաւոր յատուկ նիստին մասնակցեցան նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, պետական եւ այլ

անձնաւորութիւններ:
Տարօն մարգարեան երկրորդ անգամ ըլլալով երդում տուաւ պահպանել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները:
Երեւանի 57րդ քաղաքապետը երդումը կատարեց աջ ձեռքը դնելով «Երեւանի մասին» օրէնքի արձանագրութեան վրայ:

Երեւանի նորընտիր աւագանին կատարեց իր առաջին նիստը
Աւագանիի 65 անդամներէն ներկայ էին 64-ը:
Օրէնքի համաձայն, մինչեւ քաղաքապետի ընտրութիւնը նիստը վարեց աւագանիի՝ նիստին ներկայ ամենատարեց անդամը, այս պարագային՝ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան անդամ, Ժուռնալիստներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանը:
Ան նիստը յայտարարեց բացուած, հնչեց Երեւանի օրհներգը, ապա Գէորգեանը թուարկեց նորընտիր աւագանիի անդամներու անունները:

Հիմք ընդունելով, որ աւագանիի ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է աւագանիի անդամներու տեղերու 50 տոկոսէն աւելին, եւ ղեկավարուելով «Երեւան քաղաքում տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքով,  ՀՀԿ-ի ցուցակին մէջ առաջին հորիզոնականը զբաղեցնող Տարօն Մարգարեանը համարուեցաւ Երեւանի  քաղաքապետ:
«Նախորդ չորս տարիներն իսկապէս արդիւնաւէտ էին աւագանու ինստիտուտի կայացման եւ համագործակցուած աշխատանքի առումով, ինչն արդէն լաւ հիմք է առաջիկայ տարիներին բեղմնաւոր գործունէութեան համար», - իր ելոյթին մէջ ըսաւ Մարգարեանը՝ շարունակելով. - «Ողջունում եմ «Բարեւ Երեւան» դաշինքի մուտքը աւագանի եւ բոլորիս մաղթում եմ արդիւնաւէտ կառուցողական գործունէութիւն՝ ի նպաստ Երեւանի ու երեւանցիների»:
«Եկել ենք տարբեր ծրագրերով, բայց իրականում՝ շատ ընդհանուր նպատակներով», - յայտարարեց քաղաքապետը եւ վստահեցուց, որ պէտք է աշխատին նոր եռանդով:

Բանավէճ օրակարգի հաստատման հարցով
Աւագանիի առաջին նիստի օրակարգին հինգ հարց ընդգրկուած էր, անոնց մէջ էին՝ քաղաքապետի երդըմնակալութեան կազմակերպման, յանձնաժողովներու կազմաւորման եւ անոնց ղեկավարներու ընտրութեան, ինչպէս նաեւ աւագանիի յաջորդ նիստի ժամկէտի  սահմանման հարցերը:

«Բարեւ Երեւան»ը պոյկոտեց

Աւագանին ընտրեց չորս մշտական յանձնաժողովներու ղեկավարներն ու տեղակալները:
Համաձայն օրէնքի՝ մեծամասնութիւն ունեցող ՀՀԿ խմբակցութիւնը կը ղեկավարէ երեք յանձնաժողով, խմբակցութենէն կþըլլան նաեւ այդ յանձնաժողովներու ղեկավարներու տեղակալները, մէկ յանձնաժողովի ղեկավարն ու տեղակալը կþըլլան ԲՀԿ խմբակցութենէն:
Յանձնաժողովներու ղեկավարներու ընտրութեան ժամանակ «Բարեւ Երեւան» խմբակցութիւնը պոյկոտեց քուէարկութիւնը: Պարզաբանութիւն տալով հանդէս եկաւ աւագանիի անդամ, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը՝ յայտարարելով. - «Կեղծուած ընտրութիւնների արդիւնքով, կեղծուած օրէնքով այսպիսի ձեւաւորւած աւագանին չի համապատասխանում հասարակական տրամադրութիւններին, ուստի եւ մենք այս քուէարկութեան չենք մասնակցում»:
Ի պատասխան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցի՝ արդեօք Երեւանի աւագանիին մէջ  ե՞ւս «Բարգաւաճ Հայաստան»ը հանդէս կուգայ որպէս այլընտրանք, կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը պատասխանեց. - «Մենք շարունակում ենք մեր կառուցողական մօտեցումը այլընտրանքային մեր սկզբունքների դաշտում»:
Աւագանիի հերթական նիստը կը նախատեսուի գումարել Սեպտեմբեր 10-ին: