Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ ստեղծուած է աշխարհի առաջին պաս քանոն երաժշտական գործիքը: Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է երաժիշտ Արա Գէորգեանը: Գաղափարը ծագած է տարիներ առաջ, երբ քանոնահարուհի Յասմիկ Լէյլոյեանի հետ կը պատրաստէին ստեղծագործութիւն մը՝ 50 քանոնով: «Զգացի, որ ինչ որ բան պակասում է այդ ստեղծագործութեանը, չկար բասային ֆունկցիան», նշած է Գէորգեան՝

աւելցընելով, որ պահանջուած արդիւնքին հասան համակարգիչի օգնութեամբ հնչողութիւնը կարգաւորելով: Այն ատեն երաժիշտի միտքին մէջ ծագած էր նոր ազգային պասային գործիք ստեղծելը, մանաւանդ որ մինչ այդ պասի դերը կը կատարէր քոնթրապասը: «Մտածեցի՝ ինչո՞ւ չունենանք մեր ազգային բասային նուագարանն ու դիմեցի ազգային նուագարաններ պատրաստող վարպետ Ալբերտ Զաքարեանին, ով էլ մեծ պատրաստակամութեամբ յանձն առաւ գործիքի պատրաստման դժուարին գործը», դիտել տուած է Արա Գէորգեան: 29 Մայիսին արձանագրուած է պաս քանոնի գիւտը՝ վարպետին՝ Ալբերտ Զաքարեանի անունով, քանի որ, ինչպէս Արա Գէորգեան յայտնած է, թէ գործիքի նախագծումն ու կառուցումը կատարուած է վարպետին կողմէ՝ ութ
ամսուան աշխատանքով: Նախաձեռնողները արդէն դիմած են Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, որպէսզի աշխատանք տարուի գործիքը ԵՈՒՆԵՍՔՕի նիւթական մշակոյթի արժէքներու ցանկին մէջ  ներառնելու ուղղութեամբ:
Կը պատրաստուին երկու գործիքներ, որոնք պիտի կրեն իգական անուններ. առաջինը պիտի կոչուի Ալվարդ, որ վարպետի հարսին անունն է: Երկրորդ գործիքը պիտի կրէ անունը այն կնոջ, որ պիտի ստանձնէ գործիքի ստեղծման ծախսերը։ Յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին գործիքը պիտի ներկայացուի հանրութեան՝ համապատասխան հանդիսութեամբ։