Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ  բացումը կատարուած է աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Բարեւ ձեզ» խորագիրը:
Ասկէ առաջ, Երեւանի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուած են Կիւլէրի լուսանկարները, բայց այս անգամ՝ հանրածանօթ լուսանկարիչը անձամբ ներկայ

եղած է ցուցահանդէսին բացումին:
Ինչպէս ծանօթ է Արա Կիւլէրը կ’անուանեն «Պոլսոյ աչքը», «100ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչը», «Անգերազանցելի լուսանկարիչ-պատմաբան», եւ այլ անուններով: Անոր լուսանկարներուն մէջ անմահացած է պահը, որ այնքա՜ն բան կը պատմէ: Իր իսկ խօսքերով՝ ան աշխարհը կը տեսնէ լուսանկարի գործիքի խցիկին ընդմէջէն՝ նկարելով կեանքը ինչպէս որ է:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ երեք ամիս: 

Արա Կիւլէր կ'ըսէ որ մեծ առաւելութիւն է հայ ըլլալը

«Կարելի կը զարմանաք, բայց ամենամեծ փոփոխութիւնը խորհրդային ժամա- նակներէն  ի վեր, որը ես նկատեցի Հայաստանի մէջ, կիներու  կօշիկներու  կրունկներու  բարձրութիւնն է», - այս խօսքերը կը պատկանին պոլսահայ  լուսանկարիչին, որ իր ցուցահանդէսի բացման առիթով, հինգերորդ անգամ ըլլալով Հայաստան գտնուեցաւ:
Լուսանկարներու վարպետը 65 տարիներ շարունակ նկարած է  մարդոց, աշխարհի եւ կեանքի պահեր: Ան ծանօթ է բազմաթիւ յայտնի ու  ազդեցիկ մարդոց լուսանը- կարներու իր շարքին համար, ուր տեղ գտած են՝ Ուինսթըն Չերչիլ, Ինտիրա Կանտի, Սալվատոր Տալի, Սոֆիա Լորէն, Պրիժիտ  Պարտօ, Արամ Խաչատրեան, Ուիլիամ Սարոյեան, Սերգէյ Փարաջանով: Փարաջանովի մասին Կիւլէր յայտնած է թէ ան իր ամենամօտիկ  ընկերներէն մէկն էր եւ ամէն անգամ որ Պոլիս կÿայցելէր, իր ընկերոջ տան մէջ կը հիւրասիրուէր:
Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս շարունակուող ցուցահանդէսին ներկայացուած են  շուրջ 130 գործեր: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս վերջ, ապա հեղինակը իր լուսանկարները պիտի նուիրէ  Հայաստանին:
85ամեայ Արա Կիւլէրը, աւելի քան կէս դար ցուցահանդէսներ կազմակերպած է  աշխարհի շուրջ երեք տասնեակ պետութիւններու մէջ: Աշխատած  է միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու  հետ, ինչպիսին  են «Թայմզ», «Փարի մաչ» եւ այլն: Ան յայտնեց թէ մարդոց լուսանկարելու ժամանակ  ուշադրութիւն կը  դարձնէ ոչ թէ անոնց գեղեցկութեան, այլ բնոյթին  վրայ:
Արա Կիւլէր  արժանացած է Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի պետական ու մասնաւոր հաստատութիւններու  շարք մը մրցանակներու: Օրինակ, 2002-ին Ֆրանսայի կառավարութիւնը իրեն  շնորհած է  Արուեստի եւ գրականութեան պատուոյ  լեգեոնի շքանաշանը, 2009-ին ան արժանացած է  Թուրքիայի Ազգային ժողովի մեծ մրցանակին, 2012 թուականին մեծանանուն վարպետին շնորհուած է  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալը:
«Ֆոտոժուռնալիզմի առաջին քաշած ֆոտոգրաֆս Աթաթուրքի արձանի կոտրելն էր՝  1948-ին», - այսօր կը վերյիշէ յայտնի լուսանկարիչը:
«Ես արուեստով չեմ զբաղիր: Արուեստը սուտ բան է….ամէն գիշեր Համլետը կը մահանայ:  Քանի՞ Համլետ կայ աշխարհի վրայ: Արուեստը՝ թատրոնը, շարժանկարը, իրականութեան հետ կապ չունին, եւ բեմադրիչն է որ կÿորոշէ ընթացքը: Բայց լուսանկարը իրականութեան մասն է, իրականութիւնն ալ սուտ չէ, սուտ չըլլալուն համար արուեստ չէ», - ըսած է Կիւլէրը:
Նշանաւոր լուսանկարիչը շեշտած է, որ հայ  ըլլալը  առաւելութիւն է, եւ իրեն  համար որեւէ  խնդիր չէ առաջացած Թուրքիոյ մէջ:
Ան աւելցուց, թէ քաղաքականութեան մասին չի փափաքիր արտայայտուիլ,  ոչ ալ կÿուզէ խօսիլ կամ մեկնաբանել  վերջին օրերուն ընթացքին  Թուրքիոյ մէջ  շարունակւող ժողովրդական հաւաքներու ու բողոքի ցոյցերու մասին, թէեւ գաղտնիք չէ, որ լուսանկարիչը բաւական մտերիմ է Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին հետ, որ մասնակցած  էր Արա Կիւլէրի մեծարման երեկոյին: Շատերու  ուշադրութիւնը գրաւած է այն լուսանկարը, ուր Էրտողանը կը  լուսանկարէ Արա Կիւլէրին: