Երէկուայ մեր թիւով կÿանդրադառնայինք ջաւախքահայերու բողոքին, երբ փակած էին Բաւրայի մաքսային անցակէտի ճանապարհը, պահանջելով մաքսային համակարգի սկզբունքներու վերանայումը: Ինչպէս կը բացատրուէր, Հայաստան մուտք գործելու համար ջաւախքահայերը կը պարտաւորուին
օրական մի քանի անգամ վճարել՝ եւ մուտքի, եւ ելքի համար...
Հարցի մասին լայնօրէն անդրադարձաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար Հայկազուն Ալվրցեանը, որ դիտել տուաւ թէ ամէն անգամ որ Վրաստանի իշխանութիւնները որեւէ ոտնձգութիւն կը կատարեն վիրահայոց նկատմամբ, հայկական կողմը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ, կը քննադատէ, սակայն աւելի մտահոգիչ է ջաւախքահայերու նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութիւնը:
Ալվրցեան թուեց մի քանի հրատապ խնդիրներ, որոնք Հայաստանը պէտք է Վրաստանի հետ համատեղ լուծէ. անոնց կարգին նշեց՝ համալսարանի բացման, հայկական եկեղեցիներու, հայոց լեզուի կարգավիճակի յստակացման, տնտեսական միջոցառումներու, Ջաւախքի հայկական մամուլի ազատ տարածման, մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ այլ հարցեր: