Հրամանատար Վահագն Ասատրեանը Լիւքս Ստեփանեանի մահւան միջադէպէն ետք կարգապահական պատիժի ենթարկուեցաւ, սակայն պաշտօնէն չի հեռացաւ. Սէյրան Օհանեանը կը խոստովանի թէ զինուած ուժերու լաւագոյն հրամանատարներէն է: Այս տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ վերջին շրջանի ամէնաաղմկայարոյց բանակային միջադէպը:
«Կրակոցը եղել է այստեղ, որտեղ մենք հիմա կանգնած ենք, 25-30 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ժամ է հարցրել, դրանից յետոյ սկսուել է խօսակցութիւն
զինուորների միջեւ, ինչից յետոյ հնչել է կրակոց»,- կը պատմէ գնդապետ Վահագն Ասատրեանը:
Հայ զինուորի գնդակը ընկերոջ ուղղութեամբ պէտք չէ ուղղուի, համոզւած է խաղաղութեան գինը լաւ իմացող նախարարը: Մէկ կողմէն զինուորներու համար անվտանգութեան ապահովում, միւս կողմէ՝ դաստիարակչական լուրջ ծրագրեր՝ անոնք են նախարարութեան հետագայ աշխատանքի հիմնաքարերը: «Մեր ժամանակ լինում էին կռիւներ, սակայն զէնքը չէին հանում ու իրար խփում, հիմա ամէն կռուից յետոյ երկրորդ բանը այն է, որ զէնք են ուղղում իրար դէմ»,- նշեց Սէյրան Օհանեանը:
Սէյրան Օհանեանը վերանշանակումէն ետք 50-րդ օրը լրագրողներուն հետ առաջին գիծին վրայ անցուց: Մէկ օր առաջ այցելած է Գորիսի միջադէպի ժամանակ վիրաւորուած հրամանատար Արտակ Բուդաղեանին, որու վիճակը հիմա միջին ծանրութեան է, սակայն կայուն, կարճ զրուցեց իր հետ: Դէպքի բացայայտումը որքան ալ իրաւապահներու գործն է, սակայն ինք կը դատապարտէ կատարուածը:
Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի համար զինուած ուժերու գործունէութեան սկզբունքը նոյնն է՝ ինչ տարիներ առաջ՝ փոքր ուժերով մեծ խնդիրներ լուծել՝ այնպէս, ինչպէս պատերազմի տարիներուն: Սակայն հիմա հակառակորդին դիմակայելու համար նաեւ սպառազինութեան խնդիրը կը լուծուի՝ համարժէք պատասխան տալու համար:
Սէյրան Օհանեան. «Հայաստանը ցանկանում է ընթացք տալ հայրենական ռազմական արդիւնաբերութեանը»
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».¬ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ՝ «Հայաստանը ցանկանում է ընթացք տալ հայերենական ռազմական արդիւնաբերութեանը»:
Նախարարը նշած է, որ ներկայիս կը մշակուի ռազմական արդիւնաբերութեան հայեցակարգ եւ կը վաւերացուին ոլորտի զարգացման ծրագիրները: Անոր համաձայն, Հայաստանը այս ուղղութեամբ պիտի գործակցի այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց երկիրներուն հետ արդէն նախապէս աշխատած ու փորձառութիւն ձեռք բերած է: Խօսելով սպառազինութիւններու համալրման մասին՝ ան ըսած է, որ՝ «Հայաստանն այսօր ուշադրութիւն է դարձնում հեռահար խոցման միջոցների ձեռքբերմանը»: