ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».¬ Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը (ՀԾԿՅ) 7 Յունիսին իր նիստին ընթացքին հաստատած է կազի նոր սակագիները: Ըստ անոնց, ամսական մինչեւ 10 հազար խորանարդ մեթր կազ օգտագործող բաժանորդներուն համար կազի սակագինը պիտի ըլլայ 156 դրամ՝ մէկ խմ.ի համար (նախապէս 132 դրամ էր): Այսինքն կազի գինը կը բարձրանայ շուրջ 18 տոկոսով:
Իսկ մեծաքանակ կազ սպառողներուն համար կազը պիտի սղի 14 տոկոսով՝ հասնելով 276.98 տոլարի՝ 1000 խմ.ի համար:
Ելեկտրականութեան նոր սակագիներով մէկ քիլովաթի դիմաց սպառողները պիտի վճարեն 38 դրամ:
Որոշումը պիտի սկսի գործադրուելու 1 Յուլիսէն սկսեալ։
Յանձնաժողովի նախագահ Ռոբերտ Նազարեան նշած է, որ կազի գինի բարձրացումը կազ բաժնող կայաններուն մէջ կազի գինին վրայ պիտի ունենայ 5 տոկոսի ազդեցութիւն:
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նիստին ընթացքին ժողովավայրին դիմաց տեղի կ՛ունենար բողոքի ցոյց։ Ցուցարարները կը պահանջէին մասնակից դառնալ նիստին, սակայն անոնց արտօնութիւն չէր տրուեր։ Գործիչները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Հայռուսգազարդ+ՀՀԸ=գենոցիդ», «Ապահով Հայաստանում գա՞զ էք թանկացնում», «ՀԾԿՀ- յանցագործ ապազգային կառոյց»: Անոնք կը հաստատէին, որ կազի գինի բարձրացումը մեծապէս պիտի քաջալերէ արտագաղթը:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Եկէ՛ք կանխենք գազի սակագնի բաձրացումը» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամ Լուսինէ Յովսէփեան շեշտած է, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարել կազի եւ ելեկտրականութեան սղութեան դէմ:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան պաշտօնական նամակով դիմած է Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահ Ռոբերտ Նազարեանին, որուն համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը երեսուն տոկոսի յատկացում պիտի կատարէ։