Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».¬ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան ներկայացուցած է սուրիահայ դպրոցականներու կրթութեան կազմակերպման գծով տարուող աշխատանքները: Ան յատկապէս անդրադարձած է սուրիական կրթական ծրագիրով գործող Կիլիկեան վարժարանին մէջ ուսուցման   կազմակերպման եւ յաջորդ ուսումնական տարուան կրթական ծրագիրին շուրջ: Քննարկման ընթացքին առաջարկուած է առանձին առարկաներու դասաւանդումը կազմակերպել արեւելահայերէն դասագիրքերով՝ միաժամանակ յստակացնելով Կիլիկեան վարժարանի կարգավիճակը, յաջորդ ուսումնական տարուան ընթացքին ուսուցումը կազմակերպել երկու թեքումով՝ արեւմտահայերէնի եւ արաբերէնի խորացուած ուսուցմամբ:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի հանրա- կրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեանը ներկայացուցած է աւագ դպրոցի սուրիահայ շրջանաւարտներուն համար համալսարան ընդուն- ւելու համար սահմանուած կարգը, որուն համաձայն, դիմորդները պիտի օգտուին այն բոլոր արտօնութիւններէն, որոնք նախատեսուած են սփիւռքահայ ուսանողներուն համար:
Օրակարգին համաձայն, առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմի կառավարման վարչութեան պետ Սամուէլ Սողոմոնեանը ներկայացուցած է սուրիահայերուն բժշկական օգնութեան տրամադրման, ինչպէս նաեւ մասնագիտութեամբ բժիշկ սուրիահայերուն աշխատանքի ապահովման գծով տարուած աշխատանքները: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ շուրջ 500  սուրիահայեր ստացած են հիւանդանոցային օգնութիւն: 1000է աւելին անձեր անվճար կերպով օգտուած են դարմանատուներու ծառայութիւններէն: Աշխատանք փնտռող 73 սուրիահայ բժիշկներէն 45ը աշխատանք գտած է։ Քննարկուած են նաեւ մարզերուն մէջ աշխատող սուրիահայ բժիշկներուն կեցութեան եւ ոլորտին մէջ լուծում պահանջող այլ խնդիրներ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը 6 Յունիսին յանձնարարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան՝ աջակցիլ Աշտարակի մէջ կառուցուելիք Նոր Հալէպ թաղամասի աշխատանքներուն:
Ըստ սփիւռքի նախարարութեան  տեղեկատուութեան, Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած են 7000 հայեր: Բնակարան ստանալու համար արձանագրուած են 600 ընտանիքներ, որոնք պատրաստ են վճարելու բնակարանի արժէքի 50 տոկոսը:
«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» կազմակերպութեան առաջարկուած է Աշտարակի մէջ յատկացնել 4.8 հեկտար տարածք՝ բարերարներու եւ պետութեան աջակցութեամբ թաղամաս կառուցելու համար՝ 600 ընտանիքի յատուկ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, նման թաղամասեր պիտի կառուցուին նաեւ այլ քաղաքներու մէջ: