Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԳԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Անցեալ տարուան համեմատ, Հայաստանէն դէպի եւրոպա- կան եւ արաբական երկիրներ օդանաւի տոմսերուն գիները զգալի կերպով սղած են:

Այսպէս, օրինակ՝ երբ անցեալ տարի Տուպայի տոմսը կ'արժէր 134 հազար դրամ, այս տարի 170 հազար է, Իտալիոյ տոմսը անցեալ տարի՝ 175 հազար դրամ էր, այսօր՝ 300 հազարէն աւելի   կ'արժէ:

Այս երեւոյթը բնականաբար բացասական կերպով ազդած է դէպի արտասահման զբօսաշրջութեան ծաւալին վրայ ալ:

«Արձակուրդի փաթեթ»ներ առաջարկող զբօսաշրջական բոլոր գործակալութիւններն ալ այս տարի սկսած են թռիչքները ծրագրել Թիֆլիսի ճամբով, քանի որ հոն օդանաւի տոմսերը շատ աւելի աժան են: